Սուրիոյ քաղաքացիական թռիչքներու վարչութիւնը յայտարարեց, որ երկրի օդային տարածքէն երթեւեկութեան համար տարածաշրջանի լարուածութեան բերումով ժամանակաւորապէս փակուած օդային անցքերը կը վերաբացուին: Վարչութիւնը իր Telegram-ի ալիքով պարզեց, որ օդային անցքները կը վերադառնան իրենց սովորական վիճակին Երեքշաբթի, 24 Յունիս 2025-ին, ժամը 10:00-էն սկսեալ՝ 18 Յունիսէն ժամանակաւորապէս փակուելէ ետք:

Տարածաշրջանի շարք մը երկիրներու օդային տարածքը վերջերս փակուած էր քաղաքացիական թռիչքներուն համար՝ Իսրայէլի և Իրանի միջև ռազմական լարուածութեան սրման հետեւանքով: