«Սերունդներ դուք ձեզ ճանաչէք Սարդարապատից…»
Որովհետեւ մենք չընկանք, մենք միշտ կանք ու պիտի շարունակենք մնալ եւ գոյատեւել….. այս է պատգամը Մայիս28-ի անմահ հերոսներուն։
Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Կիրակի, 1 Յունիս 2025-ի երեկոյեան «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 107-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը։
Ներկայ էին արժ.Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան, յարաբերական մարմնի, ազգային եւ միութենական մարմիններ եւ հոծ բազմութիւն։
Հանդիսաւար Խաչիկ Ղուկասեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը անմահ նահատակներուն, որմէ ետք հնչեցին Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները։
Թատերական ներկայացումով հանդէս եկան խումբ մը ընկեր-ընկերուհիներ, որոնք պարզեցին Հայ Դատ հասկացութիւնը՝ անդրադառնալով անոր էութեան եւ ՀՅԴաշնակցութեան պայքարին՝ ի խնդիրր հայ ազգի արդար դատի հետապնդման, միշտ վառ պահելով մայիսեան փառքի ջահը
Թատրոնը պատրաստած էր Սուրիոյ Հայ Դատի Գամիշլիի ենթայանձնախումբի անդամ Աբիկ Քեհեայեան։
Ռուբէն Զարդարեանի «Բագինի Փառաբանութիւնը» ասմունքեց Համազգայինի «Ա.Ահարոնեան» մասնաճիւղի վարչական Շուշան Արթին Մատֆունէ։
Օրուան բանախօս յարաբերական մարմնի անդամ Յակոբ Պարսումեան արժեւորումը կատարեց Մայիս 28-ին`ընդգծելով անոր դերը հայ ժողովուրդի նորօրեայ պատմութեան մէջ եւ անոր ստեղծման պատմակերտ հանգամանքը, շեշտելով Հ. Յ. Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը։ Ապա աւելցնելով ըսաւ. «Այսօր, 107 տարի ետք, երբ կը նայինք Մայիս 28-ին, չենք կրնար անտեսել այն շղթան, որ կապեց 1918-էն մինչեւ 2025 թուականները։
Եւ այդ շղթան ունի քանի մը խաչմերուկ, սկսեալ 1920-ի խորհրդայնացումէն, որ չկրցաւ ջնջել Մայիս 28-ի բարոյական ժառանգութիւնը, անցնելով 1991-ի Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն, որ մերթ ընդ մերթ կը փորձէր խզել իր կապը Մայիս 28-ի հոգեվարքին հետ եւ հասնելով այսօրուան Հանրապետութեան, ուր ներկայ իշխանութիւնը, որ ոչ միայն կ՚անտեսէ Մայիս 28-ի դաշնակցական շունչը, այլեւ գործնական քայլերով կը ջանայ ջնջել Դաշնակցութիւնը իբրեւ ազգային քաղաքական ուժ։ Բայց պատմութիւնը իր վճիռը տուած է արդէն։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եղած է ու կը մնայ Մայիս 28-ի խորհրդանիշը:
Մայիս 28-ն կը պատգամէ վերարժեւորել մեր պատմութիւնը` Սարդարապատով Ղարաքիլիսայով եւ Արամ Մանուկեանով, որպէսզի այսօր կարենանք ըսել, որ գոյութիւն ունի ժողովուրդ մը որ իր պատմութենէն դասեր քաղած է»:
Ապա եզրափակելով ըսաւ. «Մայիս 28-ի յաղթանակը միայն ծափահարութեամբ պէտք չէ յիշատակել։ Այդ յաղթանակը մեզ կը պարտադրէ ունենալ պետական մտածողութիւն, ազգային կազմակերպուածութիւն եւ սրբազան համերաշխութիւն»։
Ապա Համազգայինի «Վանա» պարախումբը փոքրերու գեղեցիկ պարերով եւ տպաւորիչ ելոյթով խլեց ներկաներուն գնահատանքն ու ծափողջոյնները, պարուսոյց ունենալով Կարինէ Տօնապետեանը։
Ազգային երգերով հանդէս եկան Ատուր Ադամեան, Սագօ Սիմոնեան եւ Գէորգ Սուսանեան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Քրիստ Միքայէլեանի, որոնք հոյակապ եւ թիւթիչ երգեցողութեամբ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին։
Հուսկ, հոգեշնորհ ճայր սուրբը իր հայրական խօսքին մէջ շեշտեց հզօր Հայաստան կերտելու ազգային առաջադրանքին իրագործման համար Ա. Հանրապետութեան աւանդներուն այժմէական կենսունակութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը։
«Պայքարը պիտի շարունակուի եւ ծաւալի`քանդելով ամէն խոչընդոտ մինչեւ որ հայութիւնը հասնի իր նպատակին», ըսաւ հայր սուրբը։
Ապա «Պահպանիչ»-ով փակեց հանդիսութիւնը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ սրահին կից գտնուող ընտանեկան պարտէզին բացումը՝ իր ամառնային եւ ձմեռնային բաժիններով։ Ներկաները վայելեցին Մայիս 28-ի հանդիսութեան կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած կոկիկ հիւրասիրութիւնը։
Բժշկհ. Մարի Մելքոն