Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի հիւրընկալութեամբ, Չորեքշաբթի, 4 Յունիս 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, հերթական հանդիպում ունեցան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս:

Եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, անդրադարձ կատարուեցաւ համայնքները յուզող հարցերուն եւ Հայ Ծերանոցի գործունէութեան։
Համայնքապետները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, խնդրելով, որ Տէրը իր ողորմութեամբ պահէ եւ պահպանէ գաղութի զաւակները։ Անոնք երկրի իրավիճակին անդրադառնալով, յոյս յայտնեցին, որ յառաջիկայ փուլին երկիրը կը վերականգնի եւ ժողովուրդը ապահովութեամբ, խաղաղութեամբ եւ համերաշխութեամբ կ՚ապրի։