Հալէպի նահանգապետարանը Ընկերային Հարցերու եւ Աշխատանքի Գրասենեակին ճամբով, երէկ՝ 3 Յունիսին, Ազգ․ Պատսպարանին եւ Հայ Ծերանոցին տրամադրեց Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Հալէպի մէջ մարդասիրական այլ կազմակերպութիւններու կողմէ ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութիւն։

Մարդասիրական օժանդակութիւնը Ս. Աստուածածածին եկեղեցւոյ դիմաց ստանձնեցին հայ հոգեւոր պետերու եւ Ազգ. Պատսպարանի ու Հայ Ծերանոցի խնամակալ մարմիններու ներկայացուցիչները։ Ներկայ էր նաեւ ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադեւոսեանը։

Այս առիթով ՀՀ Հալէպի գլխաւոր Հիւպատոս Արա Աւետիսեան «Գանձասար»-ին ըսաւ, որ 22 Մարտ 2025-ին ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին յատկացուած մարդասիրական օգնութիւնը չորս բեռնատարներով/80 թոն/ հասած էր Հալէպ՝ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շայպանիի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեանի հանդիպման ընթացքին գոյացած համաձայնութեան արդիւնքով, վերջինիս Յունուար 2025-ին Սուրիա կատարած այցելութեան առիթով։ Օրին Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր Հիւպատոսին եւ Հալէպի նահանգապետին միջեւ համաձայնութիւն գոյացած էր օժանդակութեան մէկ մասը յատկացնելու Ազգ. Պատսպարանին եւ Հայ Ծերանոցին։

Հալէպի Ընկերային Հարցերու եւ Աշխատանքի Գրասենեակի ներկայացուցիչ Խալետ Մուհամմետ ըսաւ.
«Հալէպի ընկերային հարցերու եւ աշխատանքի գրասենեակին թելադրանքով այսօր մարդասիրական օժանդակութիւն յատկացուցինք Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ, որպէսզի օգտակար դառնանք եկեղեցւոյ կողմէ խնամքի արժանացող Հայ Ծերանոցի տարեցներուն եւ Պատսպարանի սաներուն»։