Այսօր, Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա այցելեց Հալէպ եւ Հալէպի բերդին մէջ մասնակցեցաւ «Հալէպը՝ Յաղթանակի Բանալին» ժողովրդային հանդիսութեան։

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ, Նախագահը ըսաւ.
«Այսօր կը հանդիպինք Հալէպի հողին վրայ։ Այն քաղաքին, որ քամիներուն դիմաց չխոնարհեցաւ, փոթորիկներուն դիմաց չընկրկեցաւ: Այլ եղաւ բերդ, պարիսպ եւ պայքարի վկայութիւն։
«Ես համոզուած էի, որ Հալէպի ազատագրումը յաղթանակի գրաւականն է։ Երբ մեր հերոսները մտան անոր առաջին թաղերը, ընկերներուս դառնալով ըսի, որ ազգերը իւրաքանչիւր դար մէկ նման յաղթանակ կ՚արձանագրեն։ Այո՛, այդ պահը բացառիկ էր ու ես Հալէպի բերդի պարիսպներէ՛ն Դամասկոսը տեսայ:

«Հալէպի սրտէն աշխարհին կը յայտարարեմ՝ վերջ գտաւ բռնապետներուն դէմ մեր պատերազմը, այժմ պիտի պատերազմինք աղքատութեան դէմ։

«Հալէպը պիտի դառնայ տնտեսական ամենամեծ փարոսը։

«Յարգարժա՛ն ժողովուրդ Հալէպի և Սուրիոյ, ձեր հողը ազատագրուեցաւ, ձեր փառքը վերականգնեցաւ տարածաշրջանի և աշխարհի մէջ, ձեր դիրքը վերականգնիլ սկսաւ, սահմանափակումները և զարգացման խոչընդոտները վերացան։ Այսօր, ճանապարհը հարթուած է վերականգնումի համար, ուստի սիրելի՛ ժողովուրդ, թեւերդ սոթէ՛ ու անցի՛ր գործի, եղի՛ր ստեղծագործ եւ ցոյց տո՛ւր աշխարհին, թէ ինչ մակարդակ կրնաս նուաճել բազուկիդ ուժով։ Եղի՛ր շինարարութեան ասպետ, այնպէս ինչպէս եղար ազատամարտիկ։
Դուն, աշխատանքովդ լոյսի երաշխիքն ես աւերներու ժամանակին մէջ, կայունութեան երաշխիքը՝ պատերազմներու ժամանակին մէջ: Ուրեմն օգտուէ՛ այս առիթէն։ Վերակառուցման պայքարը սկսած է:
Եկէ՛ք բոլորս ձեռք ձեռքի տանք, հայցենք Աստուծոյ օգնութիւնը եւ նոր ապագայ կերտենք երկրի մը համար, որ հինաւուրց է ու ժողովուրդի մը համար, որ արժանի է անոր»։