Դամասկոսի ժողովրդական պալատէն ներս, Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա ընդունեց միջազգային փրկման յանձնախումբի նախագահ Տէյվիտ Մելիպանտն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան Սուրիոյ մէջ յանձնախումբի գործընթացը ամրապնդելու եւ անոր պատասխանատուութիւնները ընդլայնելու միջոցներուն շուրջ: