Նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա Կիրակի, 25 Մայիսին Իսթանպուլի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ հարցով ԱՄՆ յատուկ բանագնաց Թոմ Պարաքի հետ՝ որպէս Միացեալ Նահանգներու հետ ռազմավարական յարաբերութիւններու վերականգնման սուրիական նոր կառավարութեան ջանքերու արտայայտութիւն:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան կենսական շարք մը հարցեր, յատկապէս Սուրիոյ նկատմամբ ԱՄՆ-ի սահմանած պատժամիջոցներու չեղարկման հետագայ ընթացքը:
Սուրիոյ նախագահը ընդգծեց, որ պատժամիջոցները կը շարունակեն զգալի բեռ դնել Սուրիոյ ժողովուրդի ուսերուն եւ խոչընդոտել անոր տնտեսական վերականգնումը։
Իր կարգին, ԱՄՆ ներկայացուցիչը դիտել տուաւ, որ իր երկիրը արդէն սկսած է պատժամիջոցներու չեղարկման գործընթացը՝ արձագանգելով ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշման, դիտել տալով որ գործընթացը պիտի շարունակուի մինչեւ պատժամիջոցներու ամբողջական և համապարփակ չեղարկումը։
Կողմերը քննարկեցին Սուրիոյ մէջ օտարերկրեայ ներդրումներու աջակցելու ուղիները, մասնաւորապէս ելեկտրականութեան և ենթակառոյցներու ոլորտներուն մէջ։
Սուրիական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնեց անհրաժեշտ միջոցներ տրամադրելու՝ ներդրողներու ներգրաւման և վերակառուցման ջանքերու խթանման համար՝ ապահովելով կայուն և ապահով միջավայր։
Նախագահ ալ-Շարաա ընդգծեց, որ կը մերժէ երկիրը մասնատելու որեւէ փորձ՝ հաստատելով սուրիական կառավարութեան հաւատարմութիւնը Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան և ինքնիշխանութեան: Ան ընդգծեց նաեւ Սուրիոյ և Իսրայէլի միջև 1974-ին ստորագրուած «Ուժերու բաժանման մասին» համաձայնագրի իրագործման կարևորութիւնը՝ Սուրիոյ հարաւային շրջանի կայունութիւնը ապահովելու համար:
Կողմերը անդրադարձան նաեւ քիմիական զէնքի հարցին` համաձայնելով միջազգային հանրութեան հետ համագործակցութեամբ և համապատասխան միջազգային պայմանագրերու զանոնք ամբողջութեամբ վերացնելու շուրջ: Քննարկուեցան նաեւ տարածաշրջանային մարտահրաւէրներու դիմակայման համար համագործակցութեան ընդլայնման ուղիները, ներառեալ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, սահմաններու վերահսկողութիւնը և տարածաշրջանի ապահովութեան ու կայունութեան ամրապնդումը:
Կողմերը ընդգծեցին Սուրիական Ժողովրդավար Ուժերու (SDF) հետ համապարփակ համաձայնագրի իրականացման անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ կ՚երաշխաւորէ սուրիական կառավարութեան ինքնիշխանութեան վերադարձը սուրիական ողջ տարածքին վրայ, միաժամանակ սերտելով այդ ուժերուն պետական կառոյցներուն մէջ համարկումի մեքանիզմները:
Հանդիպումին մասնակցած էր նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շայպանի։