Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան մասնակցեցաւ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաաի մասնակցութեամբ «Հալէպը՝ Յաղթանակի Բանալին» ժողովրդային հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի երեկոյեան, Հալէպի պատմական բերդին մէջ։

Հանդիսութեան աւարտին, Մակար սրբազան, քրիստոնեայ կրօնապետներու եւ անոնց ներկայացուցիչներու կողքին, հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահին հետ, նախագահական դահլիճէն ներս։

Հանդիպումի ընթացքին համայնքապետները իրենց շնորհաւորանքը ուղղեցին նախագահին օրուան առիթով, ապա ժողովուրդի կեանքին առնչուող ընդհանուր մտահոգութիւններ յայտնեցին անոր։

Սրբազան հօր կ՚ընկերակցէր Հոգշ. Տէր Արմէն Աբղ. Գալաճեան։