Բռնապետութեան հետեւանքները արդեօք կ’անհետանա՞ն՝ բռնապետի հեռանալէն ետք, թէ՞ անոր յատուկ գործելակերպը, վարմունքն ու գաղափարները կը դառնան ժողովուրդի ժառանգական վարքագիծ։
Պատասխան–
Բռնապետական կարգի ազդեցութիւնը յաճախ կը մնայ հասարակութեան մէջ նոյնիսկ բռնապետի տապալումէն ետք՝ քանի մը պատճառներով.
1- Ընդհանուր արժէքներու եւ բարոյականութեան աղաւաղում-
Բռնապետը միայնակ չ’իշխեր, այլ կը ձեւաւորէ շրջուած բարոյական համակարգ մը,
.Հաւատարմութիւնը կը դառնայ աւելի կարեւոր ու գերադաս արժանիք քան ունակութիւնը։ Օրինակ՝ հեռուստատեսութեան անուս ու տգեղ խօսնակուհի մը կը հասնի բարձր պաշտօնի գնդապետի մը աղջիկն ըլլալուն համար…
.Դաւաճանութիւնը եւ կողմնապահութիւնը կը պարգեւատրուին, իսկ ճշմարտախօսութիւնն ու անկախութիւնը կը պատժուին։ Ուստի սմսեղուկն ու մանկլաւիկը կը հասնին պալատ, ճշմարտութիւն յայտնաբերողը՝ բանտ։
.Մարդիկ կը դառնան լռելու եւ յարմարուելու սովոր՝ իբրեւ գոյատեւման միջոց։ «Ինչուս պէտք» կ’ըսեն ու կ’անցնին, ո՛չ դրական, ո՛չ բացասական կարծիք յայտնելով։
Այս համոզումները խորապէս կ’արմատաւորուին սերունդներու մէջ՝ դառնալով դժուար վերացուող սովորութիւններ։
2- Բռնապետի ստեղծած հաստատութիւններու շարունակականութիւնը-
Ոստիկանութիւնը, դատական համակարգը, զանգուածային լրատուամիջոցները (ԶԼՄ) գաղտնի սպասարկութիւնը, կրթական ոլորտը եւ նոյնիսկ կրօնական հեղինակութիւնները (օր. մուֆթի մը) կը դառնան ճնշման ու մոլորեցման գործիքներ։
Բռնապետի հեռանալէն ետք իսկ այս կառոյցները կրնան շարունակել գործել նոյն ձեւով, եթէ չփլուզուին եւ նորովի չվերակառուցուին։ Սուրիացիք պիտի յիշեն թէ իշխող միակ կուսակցութեան՝ Պաասին՝ գաղափարախօսութիւնը ներխուժեց կրթական համակարգէն ներս երկար տարիներ, «Ազգային Կրթութիւն» պիտակին տակ որ ուրիշ բան չէր քան զինուորականի մը կողմէ կատարուող դասարանային վախազդու «ահաբեկչութիւն»՝ մազկտրուք, սողալու հրահանգ… ուղեղի լուացում, որ այսօր հիմնովին դուրս մնաց ուսումնական ծրագիրէն։
3- Ժառանգուած վախ եւ ինքնաքննութիւն.
Նոյնիսկ համակարգի անկումէն ետք, վախը կը շարունակէ բնակիլ մարդկանց հոգիներուն մէջ,
.Շատերը արտայայտուելու կը վախնան, թէկուզ ատիկա այլեւս արտօնուած ըլլայ։ Կը կարծենք թէ հեռախօսները տակաւին հսկողութեան տակ են, իսկ բջջայինի նամակատար յաւելուածները՝ գրաքննութեան ենթակայ։
.Ինքնաքննութիւնը կ’անցնի սերունդէ սերունդ՝ որպէս բնազդային զգուշութիւն։ Օրինակ՝ «Կանաչ» դրամանիշի գործածութեան խոտորութիւնը կը շարունակէ զարմանք պատճառել սուրիացիներուն, որոնք երկարաժամկէտ զրկուած էին անկէ, իսկ հիմա դարձած է սովորական տոլար։
4- Ժողովուրդը կրնայ ինքնին դառնալ բռնապետի շարունակութիւն-
Երբ մարդիկ երկար ատեն դաստիարակուեր են կոյր հնազանդութեան, այլընտրանք չունեցող կախուածութեան եւ սին ծափահարութեան մէջ, այս յատկանիշները կը վերածուին ընդհանուր մտածելաձեւի,
.Մարդիկ կը կորսնցնեն ազատ ընտրութեան կամ պատասխանատուութեան զգացումը։ Բռնի քուէարկութեան պահուն երբ հարց կը տրուէր, «Բոլորը համաձա՞յն են» (արաբերէնով՝ «Մուաֆ-իի՞ն), պատասխանը կ’ըլլար՝ «Այո՜», եւ անմրցակից թեկնածուին յաջողութեան տոկոսային արդիւնքը կ’ըլլար 99.6 առ հարիւր։
.Ամբոխները միշտ կ’որոնեն նոր առաջնորդ, նոյնիսկ եթէ նախորդ բռնապետին կրկնօրինակն ըլլայ։ Այս մէկը քիչ մըն ալ կը սերի ցեղախմբումի ընկերային կառոյցէն, ուր միշտ թեքում կայ ցեղապետը գերագոյն իշխան պիտակաւորելու։ Սուրիոյ նախկին նախագահին սիրոյն ժողովուրդը ինքզինք «կը զոհաբերէր հոգուով եւ արեամբ», կարծես ըլլար նախիրի նախճիր, առանց ընկալելու ըսուածին բառացի տարողութիւնը, հոգի եւ արիւն։
.Բռնապետութիւնը կը դառնայ մշակոյթ, այլ ոչ միայն քաղաքական համակարգ։ Համեմատաբար, սուրիացիք մեքենայաբար կը ծափահարէին երբ բացման խօսքի մ’ընթացքին յիշատակուէր հայր թէ որդի բռնապետին անունը։ Չէ՞ որ բռնապետը կը փափաքի որ ժողովուրդը զինք ե՛ւ սիրէ անսահմանօրէն, ե՛ւ վախնայ իր շուքէն…
Իսկ կա՞յ ելք-
Այո, բայց ճանապարհը երկար է, քարքարոտ եւ ժամանակի կարօտ. յեղաշրջումը երբեմն իր իսկ զաւակները կը լափէ,
.Կրթութեան վերակառուցում՝ ազատ եւ լուսաւոր սկզբունքներու վրայ։ Դասագիրքերը պիտի դատարկուին նախկին վարչակարգի խորհրդանիշներէն, սակայն կայ նաեւ թաքուն կասկած որ փոխարէնը ծայրայեղական վարդապետութիւն մը տարածուի։
.Հաստատութիւններու արմատական բարեփոխում՝ առաջնահերթութիւն տալով ճիւղաւորուած կաշառակերութեան չեղարկման։
.Բռնութեան խորհրդանիշ անձերու հաշուետուութեան ապահովում՝ փոխան մոռացման կամ անիրաւ ներումի. որպէսզի երկարամեայ խոշտանգում գործող դահիճներու արարքները չմնան անպատիժ ու մղոնացոյց քար ըլլայ ապագայի փորձերուն։
.Քննադատական մտածողութեան քաջալերում եւ տարբեր կարծիքներու հանդէպ յարգանք ունեցող հանրային դաշտի ձեւաւորում։ Կրթութեան համակարգն ու ԶԼՄ-ն պէտք է խրախուսեն շինիչ ասուլիսներու հարթակներ, ամէնուր, ի տուէ եւ ի գիշերի։
Հալէպ
14.05.2025
Յարվարդ