Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս նոր հրատարակութիւն մը լոյսին եկաւ։

Արդարեւ, թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի հայացուցած «Ինչո՞ւ Տառապանքը՝ Ցաւը» գիրքը, որուն հեղինակն է ղպտի ուղղափառ քոյր եկեղեցւոյ քահանայ հայր, բժիշկ, Հելիոպոլիսի մէջ, Եգիպտոս, Ս. Մարկոս եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Տաուտ Լամէի, եկաւ հարստացնելու վերջին շրջանին Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդին հեղինակած եւ հայացուցած գիրքերու ցանկը եւ լուսաւորելու հաւատացեալներու միտքն ու հոգին։

221 էջերու վրայ ծաւալող գիրքը հրատարակուած է Ազնիւ մեկենասութեամբ “together”
բարեսիրական հաստատութեան Սուրիոյ մասնաճիւղին, Հալէպ, 2025։

Հատորը կը բացուի «Երկու Խօսք» խորագրեալ ներածականով, ուր Մակար սրբազան հետեւեալը կ՚արձանագրէ.

«Մարդիկ կը զարմանան ի տես մարդոց ցաւին ու տառապանքին: Ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ մարդասէրն Աստուած թոյլ կու տայ, որ իր սիրելի զաւակները այդքան տառապին։
Եթէ իրաւամբ ան փրկիչ է, ինչո՞ւ չ’ազատագրեր զանոնք այդ տառապանքէն։
Եթէ իրապէս գթառատ է, ինչո՞ւ լուռ կը մնայ ի տես անոնց աղաղակին ու չի շարժիր:
Եթէ իրօք կարող է, ինչո՞ւ իր հակակշիռին տակ աշխարհը զերծ չի պահեր աղէտէ, նեղութիւններէ, փորձութիւններէ եւ տառապանքէ:
Եթէ իսկապէս Հայր է, ինչո՞ւ լուռ կը մնայ իր զաւակներուն աղաչանքին ու հեծեծանքին:
Եթէ ճշմարտապէս փորձուելով տառապեցաւ, ինչպէս Պօղոս առաքեալ կը նշէ, ինչո՞ւ վերջ չդրաւ տառապանքին՝ իր տառապանքով ուրիշները փրկելէ ետք:
Ոմանց համար նիւթը կրնայ տեսական կամ անուանական թուիլ, բայց երբ տառապանքը գործնականօրէն եւ իրաւամբ մարդուս սիրտը կը ճմլէ, անպայման անձը պիտի հարցնէ՝ թէ ինչո՞ւ է այս տառապանքը: Ասկէ ետք ի՞նչ: Եւ մինչեւ ե՞րբ, Տէ՛ր:
Թերեւս այս գիրքը ամէն հարցումի չպատասխանէ եւ կատարուած խորհրդածութիւնները չմեղմեն ու չբուժեն ալեկոծեալ հոգիները անոնց, որոնք խոր տառապանքի մէջ կը գտնուին, բայց փորձ մըն է մոտենալու այն գաղտնիքին ու խորհուրդին, որոնք Քրիստոսի խաչին եւ անոր անսահման սիրոյ ետին կը թաքնուին։
Գիրքին հեղինակը Աստուածաշնչական դէպքերու, դէմքերու եւ երեւոյթներու ընդմէջէն, աստիճանական զարգացումով կը քննարկէ վերոնշեալ հարցադրումները եւ կենդանի օրինակներով լոյս կը սփռէ տառապանքի աստուածաշնչական եւ քրիստոնէական ըմբռնումին վրայ, մատչելի ոճով ընթերցողը հաղորդ դարձնելով ճչմարտութեան: Որպէսզի ճիշդ հասկնանք եւ ըստ այդմ ալ մօտենանք, ընդունինք ու ընկալենք տառապանքը, ի՞նչ կերպով ու սաստկութեամբ ալ ան յայտնուի մեր կեանքին մէջ:
Անհրաժեշտ է ճիշդ հասկնալ տառապանքը եւ թէ ինչո՞ւ Աստուած թոյլ կու տայ զայն մեր կեանքին մէջ, որպէսզի Հակառակ ազդեցութեամբ սխալ եզրակացութիւններու չյանգինք եւ վատառողջ որոշումներ չկայացնենք: Որովհետեւ անոնց Հետեւանքը կրնայ հոգեպէս քանդել ու կործանել մեզ, եւ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը քայքայելով՝ անոր հետ թշնամացնել ու օտարացնել:
Ընդհակառակը, երբ ճիշդ հասկնանք, անկէ կ’օգտուինք, դաս կ՚առնենք, Աստուծոյ բարի կամքին համաձայն կը դաստիարակուինք եւ աւելիով զօրացած՝ կը շարունակենք մեր կեանքի պայքարը»: