Դպրոցական սովորական օր մըն էր։ Առաւօտեան առաջին դասապահու զանգը հնչեց։ Աշակերտները աղօթքէն ետք ուղղուեցան իրենց դասարանները։ Անոնց հետեւեցան ուսուցչուհիները։ Հազիւ աշակերտները իրենց դասագիրքերն ու տետրակները գրասեղաններու վրայ տեղաւորած, եկեղեցւոյ կտրուկ զանգը հնչեց։ Երբ կտրուկ կ’ըսեմ, կը նշանակէ՝ եկեղեցւոյ ղօղանջը երեք անգամ կը զարնէ ու երկվայրկեաններ ետք կրկին անգամ ու այդպէս կը կրկնուի։ Այդ կը նշանակէ՝ մահուան բօթ։ Պէտք է յայտնել, թէ  Քեսապի մէջ եկեղեցւոյ կտրուկ զանգը կը փոխարինէ մահազդին։ Եթէ մահացողը երիտասարդ է, կտրուկ զանգը աւելի երկար կը ղօղանջէ, իսկ երբեմն երեք համայնքներու զանգերը հերթականութեամբ կը զարնեն։ Եթէ մահացողը Քեսապի Սփիւռքէն մէկը ըլլայ, առաւել յառաջացած տարիքով, ժամկոչը եկեղեցւոյ զանգը միայն քանի մը անգամ հնչեցնելով կը բաւարարուի։
-Օրիո՛րդ, մեռելի զանգ է, ո՞վ մեռաւ,- հարց տուաւ աշակերտներէն մին։ Անոր հետեւեցան միւս աշակերտները։
Ես ալ զարմացած, ուսերս եւ ձեռքերս վեր առած, յօնքերս կիտած, աչքերս մէկական հարցման նշան դարձուցած…  կը սկսիմ մտածել…։ Աստուած իմ, ո՞վ է մահացողը, քիչ առաջ ուսուցչարանն էի, ուսուցչուհիներէն ոչ ոք բան ըսաւ…։
Ուսուցչուհիները իրենց դասարաններու դռները բացած, գլուխները դուրս երկարած, շուարած դէմքերով եւ շփոթած նայուածքներով իրար նայիլ սկսան՝ իմանալու համար թէ մահացողը ո՞վ է։ Անշուշտ ես ալ անոնց կարգին գլուխս դասարանի դռնէն դուրս երկարած, հարցական աչքերովս իմանալ կը ջանայի թէ  ո՞վ է մահացողը։
Դասարանիս մօտիկ կանգնած ուսուցչուհին ցնցուած եւ մռայլ տեսչարանէն դուրս եկաւ, տեղեկացած էր, թէ ո՛վ էր մահացողը։
– Ո՞վ է մահոցողը,- հարցուցի։
Հանգուցեալին անունն ու մականունը տուաւ։ Անծանօթ անուն էր, չկրցայ յիշել ով ըլլալը։
– Կարեւորը՝ երիտասա՞րդ է թէ տարիքով մեծ,-աւելցուցի։
– Այո՛, այո՛, շատ երիտասարդ է,- ըսաւ։
Երբ շատ երիտասարդ է ըսաւ, սիրտս ոտքերուս մէջ ինկաւ։ Սկսայ մտածել.  արդեօ՞ք քսան տարեկան է կամ շատ-շատ երեսուննոց մէկը պէտք է ըլլայ մահացողը։
– Չէ՛, չէ՛ ճանըմ, երիտասարդ է, ինձմէ քանի մը տարի մեծ,- աւելցուց վրդոված։
Դասարան մտայ՝ դասապահս շարունակելու, ինքն ալ դէպի իր դասարանը ուղղուեցաւ, սակայն տակաւին անոր ըսածը՝ «Չէ, շատ երիտասարդ է» նախադասութիւնը, ականջիս մէջ կը հնչէր։
Ես հազիւ երեսունհինգ տարեկան էի, իսկ ինք՝ հանգստեան կոչուելու տարին էր, այսինքն՝ վաթսուն տարեկան։ Կը մտածեմ՝ արդեօ՞ք ան վաթսուն տարեկանը երիտասարդ նկատեց, քեսապցիներու երկարակեցութեան գաղափարէն մեկնած, թէ ինք տարիքով յառաջացած ըլլալու իրականութիւնը չէր ընդունած։
Եթէ առաջինն է՝ պէտք է ըսել, որ այս օրերուն Քեսապի մէջ առաջուան նման երկարակեաց մարդոց թիւը այնքան նուազած է, որ կրնանք ըսել հազուադէպ երեւոյթի վերածուած է։ Պատճառն ալ մէկ կողմէ մարդոց նորաձեւ սննդականոնի հետեւիլն է, միւս կողմէ ալ նախկինին նման արդար ու տեղական արտադրութեան ուտեստի գրեթէ նուազագոյնի հասած ըլլալը։
Իսկ եթէ երկրորդն է, այսինքն՝  մարդ արարածին ուշ անդրադառնալը, թէ՛ ինք յառաջացած է տարիքով ու կեանքի օրերն ու տարիները այնքան արագ իրար ետեւէ վազած են, որ  տարիներու ընթացքին, իր գործերու եւ կեանքի բազմաթիւ զբաղումներուն հետ անդադար վազելով, աւազի հատիկներու նման սահած ու վար գլտորած են անվերադարձ…։
Մտքիս մէջ կը ծաւալի հարցումներու երկար շղթայ մը։
Արդեօ՞ք երբ մարդ արարածը երիտասարդ է ու կեանքի գարնան օրեր կը վայելէ, մահը հեռու կը թուի իրեն, իսկ որքան յառաջանայ տարիքով, այդքան աւելի մօտ կը զգայ ինքզինք մահուան, այս պատճառով ալ չ’ընդունի՛ր իր յառաջացած տարիքը։
Արդեօ՞ք կեանքի  որոշ ժամանակահատուածի մը մէջ, մարդուն մօտ ժամանակն ու կեանքի  ժամացոյցը կանգ կ’առնեն։ Հարազատները, դասընկերները եւ շրջանակը այդ թուականին  վերջնական իրենց պատկերը կը ստանան։ Այդ տարիքին, մարդ նոյնիսկ երբ հայելիին կը նայի, հոն կը գտնէ այնպիսի պատկեր մը, ուր կարծէք տարիներու ընթացքը կանգ առած է ու այդ տարիքի պատկերը յաւերժացուցած։
Արդեօ՞ք մարդ արարածը երիտասարդ օրերուն կեանքի օրերն ու տարիները ապրելու ժամանակը դեռ երկա՜ր կը համարէ։
Արդեօ՞ք ապրելու գաղափարը քաղցր է, իսկ մահն ու բաժանումը դառն են, հետեւաբար անոնց մասին երբեք չի մտածեր։
Ու այդպէս ալ չկրցայ յստակ պատասխան մը գտնել այդ հարցումներուն, ու մտքիս մէջ անջնջելիօրէն դրոշմուած մնաց «Չէ՛, չէ՛, երիտասարդ է» նախադասութիւնը։ Ամէն անգամ երբ զանգը  «կտրուկ» հնչէ, մտքէս նախ  նոյն հարցումը կ’անցնի՝ «արդեօ՞ք մահացողը երիտասարդ է»… ։
Սեւան Ա. Մանճիկեան