Էլիզ
Փակ դրան առջեւ պահ մը շունչ քաշեց, պայուսակէն բանալին հանեց ու տեղադրեց կղպանքին մէջ:
«Թրըխկ, թրըխկ», բանալին հինգ անգամ դարձուց, հիմա դուռը ճռնչելով պիտի բացուէր:
«Հարիւր անգամ ըսեր եմ այդ կնկան քիչ մը իւղէ ծխնիները, յամա՛ռ կնիկ, պիտի տնկուի դէմս ու մէկ շունչով գլխուս թափէ ցանկը պէտքերուն, որ վազեմ մօտակայ խանութը գնումները ապահովելու», մտածեց դժկամօրէն: Ուսով հրեց դուռը, որ առանց ճռինչի ետ գնաց:
 Փակ մնացած տան անհաճոյ հոտը լեցուեցաւ քթածակերուն մէջ. կիսամութ էր, Մէրին չերեւցաւ, ներսի սենեակի մահճակալին կարծեց տեսնել մայրը.. ան երկարատեւ հիւանդանոցային բուժումներէ ետք, ամիսներով քամուած էր մահճակալին, խօսելու ունակութիւնը կորսնցուցած:
– Ուշացար աղջիկս,- կ’ըսէին փայլող աչքերը:
-Մա՛մ, կը ներես, հաւատա՛յ չեմ հասցներ, աշխատանք, տուն, պարտականութիւններ…
-Գիտե՛մ, գիտե՛մ,- կը պատասխանէին աչքերը:
Ցնցուեցաւ, տեսիլք էր, բացաւ պատուհանը, մաքուր օդը ներս խուժեց սենեակի կիսամութը փարատելով ու արթնութիւն բերելով.
Մահճակալը դատարկ էր, խնամքով ծածկուած: Մէրին՝ մայրը խնամող կինը, թաղման օրը հաւաքած էր թափթփած իրերը, արցունքախառն աչքերով հրաժեշտ տուած… կ’ափսոսար հիւանդկախ, անխօս տանտիրուհիի՞ կորուստին, թէ կորսնցուցած իր աշխատանքին համար, հաւանաբար՝ երկուքին: Չնայած որ շաղակրատ, յաճախակի հեռախօսազանգերով կը խանգարէր զինք, բայց բարեխղճօրէն կը հետեւէր մօրը: Երախտապարտի զգացումով գրկեր էր զայն ու սրտաբուխ գումար մը սահեցնելով գրպանին մէջ շնորհակալութիւն յայտներ էր:
– Մատամ Էլի՛զ, մայրդ քեզի պէս ազնուական, վեհանձն կին էր, Աստուած հոգին լուսաւորէ,- ըսած էր այտին վրայ երեւցող արցունքը սրբելով:
Դողդոջուն քայլերով մօտեցաւ մահճակալին, բռնազբօսիկ շարժումով նստեցաւ անոր վարի անկիւնը, ուր միշտ սովորութիւն ունէր նստելու:
– Է՜հ, մա՛մ, դուն ալ գացիր, միացար հօրս, այսօր արդէն տասներորդ օրն է, որոշեցի գալ, քիչ մը հաւաքել անհրաժեշտ իրերը… ինչ ըսեմ, այս տունը կը մտածենք վաճառել.. չնեղուիս, կեանքը այսպէս-այնպէս պիտի շարունակուի, խօսքերդ են, կը յիշե՞ս… երբ տարիներ առաջ հօրս մահը շատ ծանր տարած էի, զիս կը մխիթարէիր… գիտէիր, որ քեզմէ աւելի հօրս կապուած էի:
Գլուխը առաւ ձեռքերուն մէջ ու շարունակեց.
– Կը պատմէիր ձեր գերդաստանի դժուար օրերուն մասին… պապերդ գաղթեր էին Տիգրանակերտէն, դուն ծնած էիր Հալէպ, հայրդ մեծահարուստ Վահան Աճամեանը, երիտասարդ տարիքին մահացած էր, երեսունամեայ մայրդ այրիացած էր, խնամած ու մեծցուցած էր 5 անչափահաս զաւակները:
Սիրուն աղջիկ էիր, գրաւեցիր Պէյրութի Ամերիկեան համալսարան աւարտած բժիշկ հօրս սիրտը, ամուսնացաք, ընտանիք, երկու զաւակ…  փոխադրուեցանք Պէյրութ, իսկ վերջին հանգրուանդ հոս եղաւ, Թորոնթո…
– Ա՜խ, մա՛մ, չեմ կրնար ըսել որ արժանաւոր զաւակ եղայ, ջանացի կարելիս ընել։
Թեթեւցած ոտքի ելաւ, բացաւ զգեստապահարանը: Մայրը ճաշակով հագուող կին էր, հագուստները կախիչներու վրայ կոկիկ դարսուած էին, ձմեռնային-ամառնային, ամէնօրեայէն մինչեւ գիշերայինը: Մօտ մէկ տարի անկողնին քամուած ըլլալով, հագուստները կը մնային անձեռնմխելի: Հաւաքեց, լեցուց խոշոր սեւ տոպրակներու մէջ, բարեսիրական կեդրոն մը տանելու. ձեռքը սառած մնաց մուշտակէ վերարկուին վրայ:
– Այս մէկը յիշատակ պիտի պահեմ, հայրս նուիրեր էր քեզի՝ ձեր ամուսնութեան 20-րդ տարեդարձին առթիւ:
Համալսարանական աղջիկ էի, սէրը եւ ուսման տենչը հաշտ կը քալէին, Ճորճին հանդէպ անտարբեր չէի, կ’ուսանէինք Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի ելեկտրական ճարտարագիտութեան ճիւղը:
– Սքանչելի զոյգ էք,- գոչեց, երբ հայրն ու մայրը թեւանցուկ մտան տուն:
Շոյեց փայլուն, փափուկ մուշտակը, մայրը այդ օրը կը կրէր այս մուշտակը:
Ան գեղեցիկ գլուխը բարձր պահած, փայլուն նայուածքը ուղղեց իրեն.
– Անհամբեր կը սպասեմ, որ դուն ալ ասանկ սիրող ամուսին ունենաս,- ըսաւ:
-Հը՞, Էլի՛զս ինչ կ’ըսես,- հարցուց հայրը:
Քիչ մնաց ըսեր որ «դասընկերս լաւ տղայ է, բայց հայ չէ», գլուխը կախեց: Իրենց կապը սիրալիր էր, բայց լուրջ առաջարկներ չկային:
Հայրը Այնթապէն գաղթած ընտանիքի զաւակ էր, ազնիւ, ոսկի սրտով, փայլուն մասնագէտ, ազգասէր մարդ:
Բացաւ զարդասեղանի դարակը, ոսկեղէնի տուփը կղպուած էր, յիշեց որ մայրը բանալին լուսամփոփին տակի փոքր սեղանիկի դարակին գաղտնի խորշին մէջ պահած էր: Գտաւ, բացաւ տուփը, մանեակներու, զարդասեղներու ու ապարանջաններու տակ մատանի մը գրաւեց ուշադրութիւնը, այս մատանին երբեք չէր տեսած, ուշադիր զննեց, մատանիին օղակին վրայ, ներսի կողմը 1912 թուականը փորագրուած էր:
 Դարակին մէջ կար նաեւ 1915 թուականին Այնթապ ծնած հօրաքրոջ գրած յուշագրութիւնը ընտանիքի մասին, մեծ հօր ու մօր ամուսնական լուսանկարը:
Մեծ հայրը՝ 1911 թուականին կը վկայուէր որպէս բժիշկ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն, 1912-ին կը նշանուէր մեծ մօր՝ օրդ. Էլիզին հետ,  1914-ին զոյգին ամուսնութիւնը տեղի կ’ունենար.. յետոյ լոյս աշխարհ կու գար առաջնեկը՝ հօրաքոյրը, ապա տեղահանութիւն, կը գաղթէին Հալէպ: Մատանին անցուց մատը, կարծես յատուկ իրեն համար պատրաստուած էր: Դիտեց լուսանկարը.
Մեծ հայրը խնամուած, ոլորուն պեխերով երիտասարդ, նստած էր գեղեցիկ փորագրուած բազկաթոռի մը վրայ, ոտքը ոտքին նետած, լուրջ ժպիտով կը նայէր իրեն, չէ՛ նկարչի ոսպնեակին, մանկամարդ մեծ մայրը՝ Էլիզը, հարսանեկան, սպիտակ, մայրապետի հագուստին նման շատ պահպանողական հագուստով, վզին որպէս զարդ զոյգ մանեակներով (հաւանաբար ամուսնութեան առթիւ նուէր ստացած), աջ թեւը ամուսնոյն ուսին դրած ամօթխած նայուածքով, շրթներուն վրայ բռնազբօսիկ ժպիտ մը… իսկ մատանին, այո՛, այդ մատանին նշմարեց մատնեմատին:
Լայն ժպիտը գծագրուեցաւ շրթներուն վրայ:
– է՜հ ժամանակի հետ նկարուելու դիրքերն ալ կը փոխուին, հիմա նման դիրքեր ժամանակավրէպ են, զոյգեր կողք-կողքի, ձեռք-ձեռքի, իրար փաթթուած կը լուսանկարուին:
Անոնք մահացած էին իր ծնունդէն առաջ, ափսոս չէր վայելած անոնց գուրգուրանքը: Հայրը ի յարգանս մօրը՝ զինք անուանած էր Էլիզ..  ան յաճախ գլուխը շոյելով կ’ըսէր. «անուշի՛կս, մամայիս կը նմանիս»:
Ապրիլ 24-ի առթիւ «Մենք կը յիշենք ու կը պահանջենք» լոզունգի բառերով ֆէյսպուք զետեղած էր այդ լուսանկարը, արձագանգ մեկնաբանութիւններուն մէջ նշած էին իր ակնյայտ նմանութիւնը մեծ մամա Էլիզին.. անուն, ծիներ ու կեանքը պիտի շարունակուէր իր ընթացքով:
Յանկարծ հեռախօսը զնգաց, պայուսակը ձգած էր մահճակալին վրայ.
– Օ՜, մամ, Փառք Աստուծոյ, վերջապէս պատասխանեցիր, ո՞ւր ես, պապան մտահոգուած է, ինչո՞ւ չես պատասխաներ հեռաձայնի զանգերուն,- աղջկան ձայնն էր:
– Այս մատանին միշտ մատիս վրայ պիտի մնայ, ինչ անակնկալ էր, մեծ մօրս յիշատակը:
– Մա՜մ, ինչ ունի՞ս, ի՞նչ մատանի, ո՞ւր ես, ինչո՞ւ պապային չես պատասխաներ,- աղջիկը ճչաց:
– Աղջիկս բան չկայ, մեծ-մամայիդ տունն եմ, կը հաւաքեմ կարեւոր իրերը… մեծ մօրս նշանի մատանին գտայ, ճիշդ մատիս չափն է, կրնաս երեւակայել ինչ զգացում է…
– Լա՜ւ, լաւ մա՛մ, հասկցայ:
– Մատանին պիտի կրեմ, ինձմէ վերջ ալ դուն.. այսպէս անոնց յիշատակը վառ կը մնայ:
– Մա՛մ, ինչ կ’ըլլայ սթափիր, գիտես ես մատանի չեմ սիրեր կրել:
Իր զգացածը ուրիշներ դժուար հասկնային, նոյնիսկ իր զաւակները, նոր սերունդը այլ հոգեր ունէր, այլ հետաքրքրութիւններ: Յանցանքի իր բաժինը ունէ՞ր, հաւանաբար ունէր բայց… ժամանակի թաւալումով զգացական մօտեցումները ծիծաղելի կը թուէին, նոյնիսկ իր աղջկան.. զգացականը որուն էր պէտք, բոլորը ժամանակ չունէին դատարկութիւններ լսելու, հեւքոտ վազքով նիւթին ետեւէն կը վազէին:
Նի՛ւթ, նի՛ւթ, նի՛ւթ, ինչո՞ւ ուրանար, ինքն ու ամուսինն ալ նիւթական պատճառներով գաղթեցին: Ինչո՞ւ խուսափիլ դառն իրականութենէն, նիւթը ապրելու համար անհրաժեշտութիւն էր:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը զիրենք հասցուց այս սառուցեալ երկիրը: Դժգոհ չէր, ընդհակառակը աշխատատեղիներու առատութիւն, նոր հորիզոններ: Իր զաւակները ապահով կեանք պիտի ապրէին: Իսկ ապահովութիւնը ո՞վ կ’երաշխաւորէր:
Մեծ հայրն ու հայրը բարեխիղճ, նուիրեալ բժիշկներ էին, ուխտեր էին իրենց առաքելութեան հաւատարիմ մնալ ու մնացին: Իսկ ինչ ըրին անօրէնները, յափշտակեցին, սեփականացուցին ճակտի քրտինքով վաստկած ընտանիքի կարողութիւնը, գոյքը, ՀՈՂը: Ներկայիս այդ անօրէնները հսկայածաւալ հողերու տէրն են, մեր պապենական հողերուն: Երբեւէ պատժուեցա՞ն, դատուեցա՞ն, ընդհակառակը ամբարտաւանութեամբ յայտարարեցին, որ տուժողը իրենք էին.. աշխարհը հաւատա՞ց… իրաւունքը զօրաւորինն է:
«Ուրիշին ունեցուածքին աչք մի՛ տնկեր» Փրկիչին խօսքերն էին:
Կ’ուզէր գոռալ, որ սկզբունքներով ապրիլը սխալ է: Մեծ հայրն ու հայրը, իր նախնիները խելօք, բարեխիղճ ըլլալու փոխարէն թող նենգամտէին, ի պահանջել հարկին նոյնիսկ յափշտակէին….
* * *
Էլիզն ու ես
Էլիզ Հալէպի Ազգային Հայկազեան նախակրթարան կը յաճախէր, աշխատասէր, առաջնակարգ աշակերտուհի էր, դասընկերուհիս՝ մինչեւ հինգերորդ դասարան: Վերամուտին տեղեկացանք, թէ ընտանիքով տեղափոխուած են Պէյրութ: Յիշողութեանս մէջ մնաց սպիտակ ժապաւէնը գլխուն վրայ, ժպտուն, սեւ աչուկներով անուշիկ աղջնակը:
Կեանքի վերիվայրումներ, մտահոգութիւններ, վազվզուք, աշխատանք ու…
Տարիները թաւալեցան, Էլիզ մնաց նոյն պատկերով տասը տարեկան աղջնակը, մինչեւ…
Սուրիական պատերազմի դառնութիւնը մէկ ու կէս տարի ճաշակելէ ետք  հաստատուած էինք Երեւան:
Ամռան՝ հայրենիքի կարօտով տոչորուած սփիւռքահայ զբօսաշրջիկներ կը փութան Երեւան, հայրենիքի տեսարժան վայրերը վայելելու, իրիկուան հրապարակի շատրուաններու պարային ցայտումները դիտելով զրուցելու, անակնկալ հանդիպումներու հմայքը ըմբոշխնելու: Մինչ հայրենիք հաստատուած մարդուն համար այս բոլորը արտասովոր ու հմայիչ ըլլալէ անդին կը վերածուին տեսակ մը սեփականութեան: Ան իր առօրեայ կեանքն ու առտնին պէտքերը ապահովելու հեւքով կը տարուի: Իմ պարագաս ալ նոյնն էր:
 Հալէպէն տարիներ առաջ Քանատա հաստատուած դասընկերուհի մը, անակնկալ զանգեց հանդիպելու առաջարկով:
– Կը յիշես Էլիզ Տայեանը, ան ալ ամուսինին հետ եկած է… ինքն ալ    կը փափաքի ներկայ ըլլալ հանդիպման:
– Ա՜ , Էլի՞զը…
Կը հաշուեմ մտովի, կէս դար մը թաւալած է.. ինչպիսի՞ անակնկալ:
Ջերմ էր հանդիպումը, մտապատկերիս մէջ դրոշմուած Էլիզի հին պատկերը փոխուեցաւ, պատանի աղջնակը հասուն տարիքի կին էր, զաւակներու եւ թոռներու տէր: Ամուսինը յարգալից մարդ, մեր հայերէն խօսակցութիւնը, հին օրերու յիշողութիւնները, բացագանչութիւնները, քաղաքավարի ժպիտով ըմբռնեց:
Դարուս հետ քայլ պահելով դարձանք դիմատետրի (ընդհանրացած արտայայտութեամբ) ֆէյսպուքեան ընկերներ:
Կէս դար ետք քանի մը ժամ սիրալիր հանդիպում. մենք հրաժեշտ տուինք իրարու ու շարունակեցինք հեռակայ մեր կապը յաճախ ֆէյսպուքի էջին վրայ զետեղուած նկարներուն, գրառումներուն սիրալիր մեկնաբանութիւններ արձանագրելով:
Պերճուհի Աւետեան