Շաբաթ, 10 Մայիս 2025-ը յատկանշական օր մըն էր Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի «Սեւան» Մասնաճիւղին համար։ Արդարեւ միջօրէի ժամը 12:00-ին, ԱՄԺ Տան  «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս, մասնաճիւղը կազմակերպեց  «Սեւանի Օր»-ը եւ տօնախմբեց իր 40-ամեակը:
Շրջանային Վարչութեան, նստավայրի մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ «Սեւան»-ականներու ներկայութեամբ ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ ՀՕՄ-ի քայլերգով։ Ապա «Սեւան» Մասնաճիւղի Վարչութեան ատենադպրուհի Մարինա Պօզեագալեան հրաւիրեց մասնաճիւղի  վարչութեան ատենապետուհի Սոնա Տարագճեանը արտասանելու  բացման խօսքը։
Ատենապետուhին շեշտեց որ՝ ««Սեւան» Մասնաճիւղը ամէնէն երիտասարդ մասնաճիւղն է, որ ծնունդ առած է Նոյեմբեր 1985-ին, ՍՕԽաչի Շրջ.Պատգամաւորական ԺԴ.  ժողովին որոշումով։ Ան եղաւ ու կը մնայ նոր սերունդներու ամէնէն յանձնառու դաստիարակը եւ աւանդապահը հայկական մշակոյթին: Ան գութի, օգնութեան եւ մարդասիրական նուիրումի ըմբռնումով տոգորուած դարձաւ գործնական, ճշմարիտ եւ յարատեւող կազմակերպութիւն մը»:
Տարագճեան շնորհաւորեց վարչութիւնը եւ ընկերուհիները «Սեւան» Մասնաճիւղի հիմնադրման 40-ամեակին առիթով, մաղթելով աննահանջ երթ եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւն:
Օրուան հանդիսավար Մարինա Պօզեագալեան պարբերաբար ներկայացուց օրուան առնչուող մէջբերումներ, հերթաբար հրաւիրելով գեղարուեստական յայտագիրին մասնակիցները։ Այսպէս.
 «Վարդագոյն Աղջիկների Պարը» Նաթալի Պապեան (ջութակ),  «Հով Արէք» Սերենա Պէրպէրեան (ջութակ), երկու կտորներու դաշնամուրի  ընկերակցութիւնը կատարեց Սէլա  Պազարպաշեան,   «Յաղթերգութիւն» քերթուածը ասմունքեց Վանա Պարմաքսըզեան, որմէ ետք մեներգեցին՝ Կալին Պալապանեան՝  «Թարմ Ծաղիկներ» եւ Լալա Հայրապետեան՝ «Պարոյրի Հետ»:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս Անի Մանսուրեան-Թահմիզեան, որ խօսեցաւ հայկական գորգերու եւ գորգարուեստի մասին: Ան անդրադարձաւ գորգերու պատմականին, տեսակներուն եւ առանձնայատկութիւններուն:  Բանախօսը դիտել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ գորգագործութիւնը իբրեւ արհեստ զարգացած է նախաքրիստոնէական շրջանին, որուն ամենամեծ փաստը Արենի քարայրի մէջ գտնուած գործուածքներն են եւ Պազիրիկ գորգը ք.ա. 5-րդ դար, որ կը համարուի յայտնաբերուած ամենահին գորգը: Իսկ միջնադարեան շրջանը կը համարուի գորգագործութեան ոսկեդարը, ուր մէջտեղ կու գան հայկական գորգերու առանձնայատկութիւնները: Ան շեշտեց, որ գորգը եւ գորգարուեստը հայկական մշակոյթի պահպանման կարեւորագոյն կռուաններէն են:
Գեղարուեստական յայտագիրը վերջ գտաւ Գարօլին Քէշիշեանի «Հայի Աչեր» մեներգով:
Այնուհետեւ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Մարինա Գէւոյեան  գնահատեց «Սեւան» Մասնաճիւղի ընկերուհիներու անշահախնդիր եւ կամաւոր աշխատանքը, յայտնելով որ նման աշխատանքի շնորհիւ մասնաճիւղը կը գոյատեւէ 40 տարիներէ ի վեր եւ կ’ոգեշնչէ  շրջապատը: Ան շնորհաւորեց ՀՕՄ-ի 115 եւ «Սեւան» Մասնաճիւղի 40-ամեակները եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին, որուն մէկ մասնիկն է ՍՕ Խաչը:    Ապա տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն:
Աւարտին յուշանուէրներ բաժնուեցան օրուան բանախօսին եւ գեղարուեստական յայտագիրի  մասնակցողներուն: Իսկ բոլոր ներկաներուն նուիրուեցան թռչնագիր այբբենական տառերով վզկապներ: Ձեռնարկը փակուեցաւ ՍՕ Խաչի քայլերգով: