Երեքշաբթի, 6 Մայիս 2025-ին,
առաւօտեան ժամը 11-ին, ԱՄՆ Արեւմտեան
Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք.Խաչերեան, ընդունեց այցելութիւնը
Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի պետ՝ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, ընկերակցութեամբ Հիւս. Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան ընդհանուր հովիւ՝ Վեր. Հենրիկ Շահնազարեանի եւ Փասատինայի Հայ Աւետարանական ԿԻԼԻԿԻԱ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Վեր. Յովսէփ Կարապետեանի:
Եղբայրական ջերմ ողջոյններէ ետք,
ծաւալեցաւ մտերմիկ զրոյց, յատկապէս
սուրիահայութեան ներկայ իրավիճակին
եւ սուրիահայութեան կեանքէն ներս
ցցուած դժուարութիւնները հայ
համայնքապետերու համատեղ ճիգերով
յաղթահարելու ձեւերուն ու միջոցներուն
մասին:
Չորեքշաբթի, 7 Մայիս 2025-ին, Սուրիոյ
Հայ Աւետարանական Համայնքապետը
հանդիպում ունեցաւ Հիւսիսային
Ամերիկայի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ՝
Գեր. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի հետ։
Վերապատուելիին կ’ընկերակցէին
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ
Աւետարանական Եկեղեցիներու
Միութեան ընդհանուր հովիւ
Վերապատուելի Հենրիկ Շահնազարեան
եւ Փասատինայի Հայ Աւետարանական
Կիլիկիա Եկեղեցւոյ հովիւ Վերապատուելի
Յովսէփ Կարապետեան։
Կողմերը անդրադարձան հոգեւոր
մտահոգութիւններու եւ ժամանակակից
մարտահրաւէրներու, մանաւանդ այն
բարոյահոգեբանական
փոփոխութիւններուն, որոնց մէջ կը
գտնուի մեր ժողովուրդը։ Ապա Վերապատուելին իր
ցաւակցութիւնը յայտնեց Ն. Ս.
Ֆրանչիսքոս Պապի մահուան առիթով։
Նոյն օրը վերապատուելին
հանդիպում ունեցաւ ԱՄՆ Արեւմտեան
Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան
Ս. Արք. Տէրտէրեանի հետ, Արեւմտեան
Թեմի առաջնորդարանին մէջ։
Վերապատուելիին կ’ընկերակցէին
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ
Աւետարանական Եկեղեցիներու
Միութեան ընդհանուր հովիւ
Վերապատուելի Հենրիկ Շահնազարեան
եւ Փասատինայի Հայ Աւետարանական
«Կիլիկիա» Եկեղեցւոյ հովիւ
Վերապատուելի Յովսէփ Կարապետեան ։
Հանդիպումի ընթացքին կողմերը
փոխանակեցին իրենց
մտահոգութիւններն ու տեսլականը՝
Սուրիոյ նոր իրավիճակին, հայ
եկեղեցիներու գործունէութիւններուն, հայ երիտասարդութեան եկեղեցիին հետ կապի ամրապնդումին եւ եկեղեցւոյ արդիականացման ուղիներուն։