Կիրակի, 11 Մայիս 2025-ին, Գամիշլիի հայ գաղութը խոր կսկիծով հողին յանձնեց երկար տարիներ անխոնջ նուիրումով եկեղեցիին եւ ազգին ծառայած ազգային գործիչ Վարդգէս Սիմոնեանը։

Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ թաղման կարգը։ Արարողութիւնը կատարեց Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան։ Ներկայ էին հայ կաթողիկէ համայնքի վերին Ճեզիրէի Առաջնորդ Արիապատիւ Տ. Անդրանիկ Սրբ.Եպս.Այվազեան, ասորի ուղղափառ եւ քաղտիացի եկեղեցւոյ քահանայ հայրեր, Յարաբերական Մարմնի, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներ, գաղափարակից ընկերներ եւ հոծ բազմութիւն մը։

Արարողութեան աւարտին, քահանայ հայրը փոխանցեց ցաւակցութիւնը Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, որ քաղաքէն դուրս կը գտնուի։
Ապա ընթերցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արքպս. Աշգարեանի ցաւակցագիրը, ուր կ՚ըսուէր.
《….Հանգուցեալը իր ազգային ու կրօնական դաստիարակութեամբ ու խառնուածքով հայկականութեամբ յատկանշուող, հայրենասիրութեամբ ու հողին նկատմամբ յատուկ կառչածութեամբ ու կապուածութեամբ մասնաւորուող անձ մը եղաւ եւ զայն իր առօրեայ կեանքով թարգմանեց ու մարմնաւորեց….
Հանգուցեալ Վարդգէս Սիմոնեան իմաստութեամբ արժեւորեց իր կեանքն ու ժամանակը, զանոնք ծառայեցնելով իր ընտանիքին, ծննդավայր Սուրիոյ եւ մանաւանդ Գամիշլիին։ Իր վարած պաշտօններով ամբողջականօրէն նուիրուեցաւ ու գործեց իրմէ վեր` նուիրական արժէքներեու ի խնդիր։
Երկար տարիներ եղաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի երեսփոխանական ժողովի անդամ, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ երկար տարիներու Թաղական Խորհուրդի ատենապետ, ՀՅԴ կազմակերպութեան դաշտէն ներս իբրեւ անդամ եւ ապա շրջանի հերթապահ, ՀՄԸՄ-ի շրջանի մէջ հիմնադիր անդամ եւ ապա ատենապետ եւ շրջանային վարչութեան անդամ: Առ ի գնահատանք իր մատուցած երկար տարիներու ազգանուէր ծառայութեան, պարգեւատրուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ծառայութեան շքանշանով, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի շքանշանով……
Այս տխուր առիթով ձեզի կը փոխանցենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ցաւակցութիւնն ու հայրական աղօթքը, ինչպէս նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային իշխանութեան, երեսփոխանական, կրօնական եւ քաղաքական ժողովներու, ժողովականութեան եւ ժողովուրդի անունով ու անձամբ մեր խոր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Ձեզի`սիրելի հայր սուրբ եւ հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն, պատասխանատու անձանց եւ ողջ գամիշլիահայութեան…»:

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ դիմաց ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը եւ շեփորախումբը տողանցելով նուագեցին, առ ի յարգանք հանգուցեալ ընկեր Վարդգէս Սիմոնեանի։
«Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, գաղափարակից ընկերներու անունով հանգուցեալին դամբանականը ընթերցեց Յակոբ Պարսումեան։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն