Երեքշաբթի, 13 Մայիս 2025-ի երեկոյեան, Լաթաքիոյ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արարատ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպում զրոյց լաթաքիահայ միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ Լաթաքիոյ նահանգապետ Մուհամմետ Ուսմանի միջեւ։
Նահանգապետին կ՚ընկերակցէին ոստիկանապետ Մուսթաֆա Սապուհ եւ վարչակազմի աշխատակից Ալի Ասի։
Եկեղեցւոյ շրջափակ ներկայացած էին թաղականութիւնը եւ միութեան ներկայացուցիչները։
ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը հիւրերը ընդունեց եկեղեցւոյ շրջափակը, ապա ներկաները ուղղուեցան «Արարատ» սրահ։
Լաթաքիոյ եւ ծովեզերեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Տէր Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա Գերաշնորհ Տէր Մակար Արք. Մակար Աշգարեանի եւ Լաթաքիոյ Հայ համայնքին կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց այս համդիպումին համար, շեշտելով նման հանդիպումներու կարեւորութիւնը՝ ժողովուրդի լուսաբանման եւ զայն մտահոգող հարցերու պարզաբանման գծով։
Թաղականութեան ատենապետ բժիշկ Մինաս Պալեան ներկայացուց հիւրերը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց։
Նահանգապետը այնուհետեւ ներկայացուգ Լաթաքիոյ ներկայ վիճակը, անդրադարձաւ անցած Մարտ ամսուն Լաթաքիոյ մէջ պատահած դէպքերու մասին, շեշտելով որ միասնաբար պիտի յաղթահարենք բոլոր դժուարութիւնները։ Ապա ներկաները իրենց հարցումները ուղղեցին երկրի ապահովութեան, ընկերային վիճակին, տնտեսական պայմաններուն շուրջ։ Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացած զրոյցոն նահանգապետը պատասխանեց ուղղուած հարցումներուն։
Վարչակազմի աշխատակից Ալի Ասի անդրադարձաւ աւելի քան 10 տարիներու ընթացքին երկրի տնտեսական շրջափակման հետեւանքով յառաջացած ծանր պայմաններուն, լուսարձակո տակ առնելով ծառայողական ոլորտներու բարելաւման գծով տարուող աշխատանքներն ու մարտահրաւէրները։
Աւարտին նահանգապետը իր խօսքը ուղղեց լաթաքիահայութեան, շպորհակալութիւն յայտնելով մտահոգութիւններու թափանցիկ ներկայացման գծով, մաղթելով որ նման հանդիպումներ կրկնուին եւ Սուրիական Հայրենիքը յաղթահարէ իր դէմ ծառացած մարտահրաւէրները եւ բարգաւաճ օրեր ունենայ յառաջիկային, յատկապէս տնտեսական պատժամիջոցնեդու չեղեալ համարումով, որ հանդիպումի նոյն ժամերուն յայտարարուեցաւ սուրիական պատկերասփիւռի կայանէն։
Նայիրի Կարապետեան