(Բ.)

«ԱՆՑՈՐԴ ՄԸ՝ ՄԵՐ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ»

Այս դիպուկ բնորոշումը՝ ի մասին Արփիար Տէր Մարգարեանի, կը պատկանի պոլսահայ գրագէտ ու «Մարմարա»-ի խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի։

Արդարեւ, իր «Օտարականներ Աշխատասենեակիս Մէջ» հատորով (2002), ուր մի առ մի լուսարձակի տակ կ’առնուին իսթանպուլահայ գրողներ՝ իրենց ամէնէն յատկանշական երեսներով, Հատտէճեան կը խօսի նաեւ Արփիար Տէր Մարգարեանի մասին։ Իր տողերը յուզիչ են, որովհետեւ ան պր. Արփիարին մէջ կը տեսնէ հայ ուսուցիչի այն հազուագիւտ տեսակը, որ հիմա արդէն ամբողջովին չքացեր-անհետացեր է հրապարակէն։

Ան Արփիար Տէր Մարգարեանը «անցորդ» մը կը նկատէ մեր գրականութեան մէջ, երկու պատճառով.- նախ՝ բառախաղով մը, որովհետեւ անոր հրատարակած պատմուածքներու երկու գիրքերէն մին կը կոչուէր «Անցորդը» (1962), յետոյ՝ այն դիտաւորութեամբ, որ Տէր Մարգարեանի գրական վաստակը նկուն էր, այդ հեղինակը «անցորդ»-ի մը պէս էր, մնայուն տեղ մը չէր գրաւեր  իսթանպուլահայ գրականութեան պարտէզին մէջ…։ Անոր մնայուն ու խնկելի բո՛ւն տեղը կրթական պատմութեան մէջ էր։

Սխալ չէ այս մերձեցումը։ Արփիար Տէր Մարգարեան քիչ արտադրած է։ 1946-ին հրատարակած է «Արձագանգ» խորագրեալ փոքր հատոր մը (64 էջ), տասնվեց տարի ետք ալ՝ «Անցորդը» (128 էջ)։ Միայն ա՛յսքան։

Արփիար Տէր Մարգարեանի գիրքերը շատո՜նց սպառած ու անգտանելի դարձած էին արդէն՝ երբ Պոլսոյ ԱՐԱՍ հրատարակչատունը իրականացուց անոնց վերատպութիւնը 2006-ին, զոյգ գործերը մէկտեղելով միակ կողքի մը տակ («Արձագանգ եւ անցորդը») ու ժողովածուն օժտելով մատենագիտական օգտաշատ ծանօթագրութիւններով ու արխիւային յաւելուածական նիւթերով։ Ու այսպէս, մեր սեղանին դրուած եղաւ 336 էջանի հատոր մը, որ Արփիար Տէր Մարգարեանին վերյայտնութիւնը կ’աւետէր…։

Հաճոյքով կը կարդացուին հեղինակին այս արձակ էջերը։ Անոնք կը համախմբեն կարճ պատմուածքներ կամ սրտագրաւ յուշերու գողտրիկ պատառիկներ, որոնք մեծաւ մասամբ կ’առնչուին դպրոցական կեանքին, պատկերներ կը քանդակեն աշակերտական տարիներէ։ Կը գծեն գիւղին մէջ ապրուած մանկութեան ու պատանութեան տարիներու շրջանակ մը, գեղջուկ տիպարներ կը վրձինեն։ Անոնք սեւեռումի կ’ենթարկեն մանաւանդ գիւղի կամ քաղաքի խոնարհ ու դժբախտ մարդիկը, երեւան կը հանեն անոնց հոգիին ալքերը…։ Այս յուշերէն կ’իմանանք նաեւ՝ թէ ի՛նչպիսի ողբերգական պարագաներու մէջ հեղինակը կորսնցուցեր է նախ իր մայրը (իր Խարբերդ մեկնումէն քանի մը ամիս ետք), ապա քահանայ հայրը, սրախողխող զոհ՝ թուրքերու սարքած մէկ նախճիրին…։

Տէր Մարգարեան ունի դիւրասահ, մաքուր ու յղկուած հայերէն մը, որ մատչելի է միջին ընթերցողին։ Թէեւ ոչ բոլոր գրութիւնները, սակայն անոնցմէ ոմանք, տեղ-տեղ, կը զգենուն նաեւ լիիրաւ գեղարուեստական արժէք, կը դառնան գրական ընտիր էջ, ինչպէս է պարագան, զորօրինակ, իր ծննդավայր գիւղին սուրբերն ու սատանաները նկարագրող սիրուն գրութեան («Մանկութեանս Օրեր», «Արձագանգ» հատորին մէջ) կամ «Ագռաւներ» խորագրեալ պատումին («Անցորդը» հատորին մէջ)։

Ասոնցմէ անկախ, ան կատարած է գրական թարգմանութիւններ ալ, որոնցմէ գլխաւորը հանրածանօթ թուրք վիպագրուհի Կիւզիտէ Սապրիի (1886-1946) «Նէտրէթ» վէպին հայացումն է, որ առանձին գիրքով լոյս ընծայուած է 1932-ին, Պոլսոյ այդ շրջանի «Արեւելք» օրաթերթին մատենաշարով։

* * *

Արփիար Տէր Մարգարեանի անունը, ուսուցչական ու գրական մարզերէն զատ, սերտօրէն կապուած է նաեւ Ս. Փրկիչ ազգ. հիւանդանոցին, որովհետեւ ան լման 17 տարի խմբագրած է հիւանդանոցին համանուն ընդարձակ տարեգիրքերը։

Այս տարեգիրքերը, որոնք շատ ճոխ ու հարուստ բովանդակութիւն ունեցած են միշտ, սկսեր էին հրատարակուիլ 1900 թուականին, յաջորդաբար խմբագիր ունենալով Հրանտ Ասատուրի, բժ. Նազարէթ Տաղաւարեանի, Դաւիթ Խաչկոնցի կամ Արշակ Ալպօյաճեանի նման դէմքեր։ 1911-1923 տարեգիրքերուն հրատարակութիւնը դադրեր էր։  Յետոյ, 14 տարուան լռութենէ ետք, 1924-ին, վերսկսեր էր անոնց հրատարակութիւնը դարձեալ, իբրեւ «նոր շրջան», կանոնաւոր շարունակուելու համար մինչեւ 1949։ Այս շրջանին է ահա, որ պր. Արփիար ձեռնհասօրէն կազմած ու խմբագրած է հիւանդանոցի տարեցոյցներուն 17 տարիներու յաջորդական հատորները, 1932-էն մինչեւ 1949։ Այս վերջին տարուան Սեպտեմբերէն սկսեալ, ինչպէս ծանօթ է, տարեգիրքերը պիտի փոխակերպուէին ամսաթերթի ու այդպէս ալ պիտի շարունակուէին լոյսին գալ տեւաբար, մինչեւ 2018-ի վերջը («Սուրբ Փրկիչ» ամսաթերթ), զանազաններու խմբագրութեամբ։

ԵՐԲ ԵՐԿՈՒ ՊԻԹԼԻՍՑԻՆԵՐ ԻՐԱՐՈՒ ԿԸ ՀԱՆԴԻՊԷԻՆ…     

Ակնարկուած երկու պիթլիսցիներէն մէկը Արփիար Տէր Մարգարեանն էր անշուշտ, իսկ միւսն ալ՝ աշխարհահռչակ պիթլիսցի Ուիլիըմ Սարոյեանը…։

Պատմական ուխտագնացութիւն մըն էր Սարոյեանի երթը դէպի իր ծնողաց ծննդավայրը՝ Պիթլիս, 1964-ին։ Այս ուխտագնացութիւնը պիտի սկսէր Պոլսէն ու յաջորդաբար անցնէր Անատոլուի երկայնքին փռուած բազմաթիւ քաղաքներէ (Անգարա, Սամսոն, Կիրէսուն, Տրապիզոն, Էրզրում, Վան, Մուշ, ու վերադարձի ճամբուն վրայ՝ Տիարպէքիր, Խարբերդ, Այնթէպ, Իսկէնտէրուն, Ատանա եւ այլն), իր գագաթային կէտին հասնելով անշուշտ Պիթլիսի մէջ, ուր ամերիկահայ նշանաւոր գրագէտը անձամբ պիտի տեսնէր իր պապերուն բնակած թաղերն ու շէները…։ Այս շրջապտոյտի ընթացքին Սարոյեանին պիտի ընկերակցէր պոլսահայ լրագրող ու ճարտարապետ Պետրոս Զօպեան, «Մարմարա» օրաթերթի այդ օրերու խմբագիրը, որ յետոյ, իր լրագրին մէջ, երկարաշունչ ու ընդարձակ յօդուածաշարքով մը պիտի պատմէր այդ եզակի ճամբորդութեան բոլոր մանրամասնութիւնները՝ «16 օրէն 6000 քիլոմեթր Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ» վերնագրով։

Իր այս յօդուածաշարքին մէջ, տեղ մը, Զօպեան կը պատմէ նաեւ Սարոյեանի հանդիպումը ծերունազարդ Արփիար Տէր Մարգարեանի հետ, վերջինիս բնակարանը։ Երկու պիթլիսցիները, առանց որ զիրար ճանչցած ըլլային նախապէս, կ’ողջագուրուին հարազատներու նման…։ Երկա՜ր-երկա՜ր կը զրուցեն Պիթլիսի մասին։ Կը յիշատակեն վայրերու անուններ, ճաշերու տեսակներ, երբեմն կը սրբագրեն մէկզմէկու սխալները, կամ կ’ամբողջացնեն թերի տեղեկութիւններ, միշտ զուարթ բացագանչութիւններով։ Սարոյեան խորապէս կը յուզուի, երբ կը լսէ որ իր հայրը՝ Արմենակ Սարոյեան (զոր ինք գրեթէ չէ ճանչցած, ան մահացած ըլլալով 1911-ին), ուսուցիչն եղեր էր պր. Արփիարին, Պիթլիսի մէջ։ Յետոյ անոնք միասին կ’այցելեն Սկիւտար թաղամասը, կը բարձրանան Չամլըճայի բարձունքը ու հոնկէ կը դիտեն Վոսփորի սքանչելի համայնապատկերը, կ’երթան հայոց  գերեզմանատուն՝ Պետրոս Դուրեանի շիրիմին այցելութեան, հիւրը կ’ըլլան նաեւ Ս. Խաչ Դպրեվանքին։

75 տարեկան պր. Արփիարին համար՝ ի՜նչ մեծ ուրախութիւն։ Ֆրեզնոյի ծնունդ 56 տարեկան Սարոյեանին համար ալ՝ ի՜նչ մեծ գիւտ։

ՄԵԾԱՐԱՆՔ ՈՒ ՄԱՀ

Ինծի ծանօթ չէ Արփիար Տէր Մարգարեանի անձին ու վաստակին ուղղեալ որեւէ մեծարանքի հանդիսութիւն։ Իր ուսուցչագործութեան ընթացքին իսկ՝ այնքան քսութիւններու կամ անիրաւութեանց թիրախ դարձած մէկը ինչպէ՞ս մեծարուէր…։

Բայց պոլսահայ մամուլի հին արխիւներուն մէջ կարելի եղաւ գտնել արձագանգը «վաստակաւոր ուսուցիչներու մեծարանքի հանդէս»-ի մը, ուր հաւաքաբար պատուուած էին աւելի քան  30 դաստիարակներ, որոնցմէ մին Արփիար Տէր Մարգարեանն էր։

«Ժամանակ» օրաթերթը այս առթիւ կը գրէր (8 Նոյեմբեր 1968-ի թիւով), թէ ձեռնարկը սարքուած էր Պոլսոյ Ինճէ սինեմայի սրահին մէջ, Թրքահայ Ուսուցչաց Միութեան նախաձեռնութեամբ։ Հանդիսութիւնը վարած էին տոքթ. Հերմոն Արաքս եւ արձակագիր տոքթ. Վարդան Կոմիկեան։ Գնահատանքի արտայայտութիւններով խօսք առեր էին տոքթ. Շահնուր Շահէն եւ օրդ. Հերմինէ Գալուստեան։ Ասմունքեր էր Սիլվա Կոմիկեան։ Փակման խօսքն ալ արտասաներ էր Շնորհք պատրիարք, մեծարեալները նմանցնելով մէկ-մէկ ծիրանի ծառի՝ պտղառատ ճիւղերով ծանրաբեռն….։ Այս առթիւ հրատարակուեր է նաեւ «Յուշամատեան» մը՝ պոլսահայ վաստակաւոր կրթական մշակներու կենսագրականները ամփոփող։

Հիմա կը մտածեմ.- այսպիսի ձեռնարկ մը սփիւռքի մեր այսօրուան պայմաններուն մէջ իրականանալի՞ է։ Չէ՜, անկարելի երազ մըն է այլեւս ատիկա, նոյնիսկ՝ սին մտածում կամ անհեթեթ պատկերացում։ Մեր գաղութները (Պոլիսը ներառեալ) հիմա ունի՞ն հայոց լեզուի այսքան մեծաթիւ ուսուցիչներ։ Ո՛չ։

Օ՜, երեւոյթին մտապատկերն իսկ կարօտով կը լեցնէ իմ սիրտս։ Մեր գիրին ու դպրութեան ծառայող ԵՐԵՍՈ՜ՒՆ վաստակաւոր կրթական մշակներ՝ բեմին վրայ։ Հո՜յլ մը, փաղա՜նգ մը՝ համեստ կամ պատկառազդու դաստիարակներու, մեծաւ մասամբ՝ ալեզարդ ու իրենց խոնջէնքին մէջ պարտասուն։

Այսօր, եթէ ողջ ըլլային անոնք, պիտի ուզէի մի առ մի համբուրել ձեռքերը բոլորին…։

Կը յիշուի՞ն այս դէմքերը յետնորդներու կողմէ, այցելուներ ունի՞ն անոնց շիրիմները՝ գէթ տարին անգամ մը…։

Իմ ընթերցողները թող թոյլ տան, որ այստեղ, օգտուելով առիթէն, մի առ մի արձանագրեմ անունները այդ մեծարեալ պոլսահայ ուսուցիչներուն, որոնք հեռո՜ւ օր մը, աւելի քան 50 տարի առաջ (1968-ին), բեմ բարձրանալով ծափահարուեր են իրենց ժողովուրդին կողմէ։ Թող այս արձանագրութիւնը աշխարհիկ հոգեհանգիստ մը ըլլայ անոնց յիշատակին.- Արփիար Տէր Մարգարեան, Համբարձում Տատեան, Վահրամ Չէրչեան, Արաքսի ՔիւչիւքՖէսճի, Զարուհի Գալուստեան, Վերժին Այվազեան, քոյր Նունէ Պալապանեան, քոյր Շուշան Պետրոսեան, քոյր Արուսեակ Մխիթարեան, քոյր Զարմուհի Մեհրապեան, Զարուհի Արշակունի, Սիրանոյշ Թունուզլեան, Նոյեմի Թունուզլեան, Նոյեմի Սոմունճեան, Հերմինէ Աճառեան, Զարուհի Ազատեան, Անոյշ Չպուքճեան, Բեբրոնէ Սրուանձտեանց, Մարի Չրաքեան, Վարդուհի Եարճանեան, Աղաւնի Մարտիկեան, Թագուհի Ծառուկեան, Արուսեակ Բարսեղեան, Գեղանոյշ Յովակիմեան, Աստղիկ Զիւմրիւթեան, Սաթենիկ Մերհամէթճեան, Պերճուհի Դանիէլ, Գոհարիկ Ղազարոսեան, Գոհարիկ Տիրատուրեան, Երանուհի Վարդերեսեան, Աշխէն Ճէզվէճեան եւ Էլիզ Պիլէզիքճեան։ Ննջեցէ՜ք խաղաղ։

Այս ձեռնարկէն ճիշդ երկու տարի ետք, 13 Նոյեմբեր 1970-ին, պր. Արփիար կը փչէր իր վերջին շունչը։ Կողակիցը՝ տիկ. Հայկուհին, կանխած էր զինք վեց տարի առաջ։

Յուղարկաւորութիւնը կը կատարուէր Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, յետոյ մարմինը կ’ամփոփուէր Շիշլիի գերեզմանատան «Պիթլիսի Խուլթիկ գիւղի թաղ»-ին մէջ։

ԻՐ ՇԱՌԱՒԻՂՆԵՐԸ

Արփիար Տէր Մարգարեանի ամբողջ գերդաստանը (աւելի քան 50 հոգի) զոհ գնաց Մեծ Եղեռնին…։ Սակայն ինչպէս յիշեցինք հեղ մը, ան ամուսնացաւ Ա. Աշխարհամարտի օրերուն ու փորձեց վերընձիւղել իր անճիտուած ընտանիքը։ Բախտաւորուեցաւ երեք զաւակներով՝ երկու աղջիկ, մէկ մանչ։

Աղջիկներէն առաջինը՝ Սոնան, որ ծնած էր 1918-ին, կատարելապէս քալեց իր հօր ճամբէն ու դարձաւ իսթանպուլահայ գրական արձակի կին մշակներէն մին։ Գործեց իբրեւ ուսուցչուհի եւս։ Իր ստորագրութիւնը կը կրեն պատմուածքի երկու հատորներ՝ «Կեանքի Մէջէն» (1950) եւ «Կեանքին Հետ» (1968)։ Ութսունականներու սկիզբը ընտանեօք գաղթեց Նիւ Եորք ու հոն եւս շարունակեց իր գրական աշխատանքները։ Իր պատմուածքներէն հատընտիր մը լոյս տեսաւ Երեւանի մէջ ալ։ Մահացաւ 1986-ին։

Պր. Արփիարին միւս աղջիկը՝ Անելկան, 1950-ին ամուսնացաւ պոլսահայ համայնքային գործիչ ու մամուլի ծանօթ աշխատակից Արայ Կարմիրեանի հետ։ Իրենք եւս գաղթեցին Պոլսէն, հաստատուեցան Գանատա։ Ինիսնամեայ տիկ. Անելկան առ այսօր կը բնակի Մոնրէալ։ Իր դուստրը՝ Անի Կարմիրեան (Փարիզ-Նիւ Եորք), ծանօթ լեզուաբան ու մանկավարժ է  եւ կողակիցն է գրականագէտ Մարկ Նշանեանի։

Ինչ կը վերաբերի Տէր Մարգարեան ընտանիքի միակ մանչ զաւկին՝ Վարուժանին, ապա ան Արժանթին գաղթեր էր հօր մահէն առաջ ու միանգամընդմիշտ կորսնցուցեր էր իր հետքը…

Արփիար Տէր Մարգարեա՜ն։

Ի՛սկապէս, աստղալոյս մըն էր ան՝ Պիթլիսէն Պոլիս ինկած։Կը զարմանա՞ք եթէ ըսեմ, որ իր հարիւրաւոր աշակերտներէն մին, տասնամեակներ անց, կատարած էր սա՛ խոստովանութիւնը. «Ես պատրիարքին աջը չէի համբուրեր, բայց պր. Արփիարին ձեռքը կը համբուրէի»…

Լեւոն Շառոյեան