«ՆՈՐԳԻՒՂ» խորագիրը կրող, վերջերս նոր լոյս տեսած, հայրենիքի մէջ տպագրուած այս գիրքը հարազատի մը նորածինին լոյս աշխարհ գալուն բերկրանքը պարգեւեց, քաղցրահնչիւն արեւմտահայերէնով, ծննդավայր Հալէպ քաղաքի ու Նոր Գիւղ թաղամասի համ ու հոտով:
Գիրքին հեղինակն է վաստակաւոր մտաւորական, կրթական մշակ, հայ բեմին երկար տարիներու սպասարկու պրն. Յակոբ Միքայէլեան:
«Մարդ երբ կը մեծնայ «սնանկացած վաճառական»-ի նման հին տետրակները կը բանայ..բառը թող չվախցնէ, այո՛ «սնանկացած», հապա ի՞նչ. Երբ անհետ, անվերադառնելիօրէն կորսնցուցած ես մանկութիւնդ, պատանեկութիւնդ, սնանկացած չե՞ս ըլլար»,- կը գրէ ան:
Միքայէլեան մանկական, պատանեկան յուշերու գանձարանը կը բանայ սկսելով իննը տարեկան հասակէն, երբ հայրը,
թոշակի տարիքին հասնելուն պատճառաւ, իրենց տրամադրուած տունէն «Դրախտ-Կայարանէն» դուրս գալով ընտանեօք կը փոխադրուին Նոր Գիւղ:
Նոր Գիւղը այդ օրերուն… «Փոքր Հայաստան» մը, հայ բնակչութեամբ, հայապատկան կառոյցներով ու կեդրոններով, խանութներով ու գործատեղիներով, փուռերով եւ սրճարաններով:
Ու կը քակուին յուշերը թաղի ընկերներուն մասին, վտանգաւոր խաղեր, մանկական հնարամտութիւններ, նոյնիսկ գողութիւն։
Անմոռանալի այս յուշերը կը պատմեն Նոր Գիւղի տանիքներուն, Կաղանդին, Տեառնընդառաջին, Զատկուան ու հաւկթախաղին մասին:
Ամռան օրերուն, մետաղի մշակման գործատեղիի մը մէջ աշկերտ Է պատանի հեղինակը: Շաբաթ երեկոյեան կրկնուող
արարողութիւնն է, գործատեղիին անտանելի «Խալֆէ»-ին համար լեարդի խորոված ծախողէն փաթեթ մը գնելու աշկերտի իր զզուելի պարտականութիւնը: Խորովածի բոյրը քթին մէջ ան կը փութայ յանձնել փաթեթը… երբ շաբաթական աշխատավարձը կէս թուղթ կը բարձրանայ, ան փորձութիւնը կ’ունենայ խորովածը համտեսելու վայելքը իրականացնելու, բայց ընտանիքին հանդէպ իր յանձնառութիւնը թոյլ չի տար շռայլութեան…
Ընտանիքը՝ մայրը ծայրայեղ բծախնդիր, հոգատար, ընտանեկան ծառայութիւններու բեռը ուսերուն, աւանդութիւններու հանդէպ ուշադիր, «մինչեւ Համբարձում թութ ուտելը արգիլող, մինչեւ Աստուածածին խաղող, մինչեւ եօթներորդ ձիւնը..»:
Հայրը՝ «Թրէնճի Վարդան»-ը օրինակելի զէյթունցի, պատանի հասակին ջարդէն հրաշքով ազատելով միս-մինակ հասած է Հալէպ: Թուրքի եաթաղանը, որբութիւնը, անօթութիւնը խրոխտ զէյթունցին վերածած են աշխատանքով ինքզինք փաստող, որպէս շոգեկառքի շարժավար լուռ ու մունջ գործող, ապա մինչեւ կեանքի վերջին շունչը գործատեղիի մը մէջ անխոնջ աշխատող պարտաճանաչ ու արժանապատիւ ընտանիքի հօր:
«Ժայռի պէս կոպիտ ու անտաշ էր, բայց բարի, անհոգ իր հագուստին ու կապուստին նկատմամբ, բայց անգերազանցելիօրէն՝ աշխատասէր.. առատաձեռն էր ու դրացիին օգնութեան գլխաբաց ու ոտաբոպիկ կը վազէր, լուռ էր, սակաւախօս, բայց կարդացող ու ճիշդ դատող, հակառակ իր աննշան գրաճանաչութեան»։
Միքայէլեան մեծ յարգանք ունի յատկապէս հօրը, այն մարդուն՝ որ իր ազգային ծիներու թելադրանքով որթատունկի շիւղ մը կը բերէ Նոր Գիւղի իրենց գնած փոքր բակին մէջ տնկելու: Խորհրդանշական պատկերը Հայ մարդու:
«Թռչելու անկարող ու գետնին վրայ հաւու մը նման քալելու դատապարտուած փետրաթափ արծիւի մը հանդէպ մարդու ունեցած զգացո՞ւմն էր իմինս, չեմ գիտեր, սակայն կապուած էի իրեն»։
Հեղինակը կը պատմէ ընտանիքէն միակ վերապրած Մարիամ հօրաքրոջ մասին։ Ան ջարդի օրերուն մնացած էր Թէլ Պրաք, արաբ ընտանիքի մը մօտ: Դաջուածքներ կրող հայ աղջնակը, հայ մանուկները փրկող զէյթունցի Փառնակ Շիշիկեանի ջանքերով կը փրկուի, կ’ամուսնանայ իր ճակատագիրը կրող հայու մը հետ, ապա իր նորակազմ ընտանիքով կը միանայ ներգաղթի կարաւաններուն: Վերջին հրաժեշտի պատկերը կը ներկայացնէ Միքայէլեան: Հայու ճակատագիր… քոյր ու եղբայր այլեւս երբեք չեն տեսներ զիրար:
Նոր Գիւղի իրենց ապրած թաղին մէջ կան զէյթունցիներ, բոլորն ալ իրենց հայրենի գիւղի, տան կարօտով տոչորող, իրենց ճակատագրին հետ հաշտ ու երբեմն անհաշտ կը գոյատեւեն, անոնցմէ մէկը ֆետայիի իր հպարտութիւնն ու արժանապատուութիւնը կը թաղէ հարբեցողութեան մէջ:
Հին օրերուն, անքակտելի շղթայով կապուած այս մարդիկ երազեցին «էրկիր»-ի սուրբ հողը, վերադարձը… բայց մահացան թաղուելով Հալէպի գերեզմանատան մէջ, համեստ շիրմաքարի մը տակ:
Ու լաւ է որ ականջալուր չեղան «իրական Հայաստան»-ի ողորմելի յորջորջման:
Միքայէլեան ընդարձակուելով կը նկարագրէ Նորգիւղեան կենցաղը, «Սինեմա Արաքս»-ը, որուն տէրը թրքերէն ֆիլմեր կը ցուցադրէ ու Նորգիւղցի յատկապէս հայ կիներ ինչպիսի՜ հետաքրքրութեամբ կը փութան դիտելու այդ ֆիլմերը, մինչ գիտակից հայ սերունդը արգելք կը հանդիսանայ ու միջոցը կը գտնէ արգիլելու…
Գիրքի ընթերցման ընթացքին կը հանդիպինք հեղինակին տպաւորիչ խոհերուն.
«Սա արձանիկին պէս մեր ազգին Կաղանդ պապան ալ ոտքերը կորսնցուցած է երեւի, որ այլեւս չի գար, մեր դռները չի թակեր, որ սա անկատար դատին հարիւրամեակը չեղած՝ շալկէր-բերէր մեր վաղուց երազածը՝ արդարութիւնը»։
Ան կը պատմէ նաեւ սուրիական պատերազմի մասին, այն նուիրեալ տղոց մասին, որոնք ամենադժուարին պայմաններուն օգտակար դարձան շրջապատին:
Հալէպի հոգեբուժարանին տուած այցելութեան առթիւ կը գրէ.
«Խենթեր ամէն տեղ կան, սակայն բոլորը չէ որ յիմարանոց կը դրուին ու կ’արգելափակուին: Ընդհակառակը անոնք յաճախ կը փառաբանուին ու կը պաշտուին նոյնիսկ..»։
Նոր Գիւղի մասին երգիծական թատերգութեամբ կ’ամբողջացնէ հեղինակը այս գիրքը:
Ան քսաներկու տարիներ Նոր Գիւղ ապրելէ ետք, կը տեղափոխուի, յետոյ ականատես ըլլալով հին, անհրապոյր, բայց իր սիրելի, միայարկ տուներու անհետացման, փոխարէնը կը տեսնէ բարձրայարկ, իրարանման, անհրապոյր շէնքեր, ու կը գրէ.
«Ինչ որ մնաց Նոր Գիւղի համանուագէն, թուղթին յանձնուած գրաւոր խօսքերն են ու այդ խօսքերուն ծալքերուն մէջ՝ համանուագին մեղեդիները»։
Պատերազմը, բնակչութեան տեղաշարժը, մարդոց մտածողութիւնը, կեանքի դաժան պայմանները փոփոխութեան կ’ենթարկեն երկրի մը, շրջանի մը աշխարհագրական պատկերը: Անկասկած, որ ներկայիս շօշափելի փոփոխութիւններ կան, հայ բնակչութեան փոխարէն տեղացիներու ներկայութիւնը գերակշիռ է, բայց Նոր Գիւղը կայ ու հայ ընտանիքներ տակաւին կ’ապրին հոն, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի աշակերտութեան հայերէն խօսքը կը հնչէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շուքին ներքեւ:
Միքայէլեանի մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը փայփայող յուշագրութիւնը, այդ ժամանակաշրջանի իր շրջապատը կենդանացնող մարդոց, ապրելակերպի եւ յոյզերու, մանաւանդ երբեմնի Նոր Գիւղի հայ բնակիչներու կեանքի ու աւանդապահութեան մասին, մեր գաղութային պատմութեան իրական պատկերն է, յաճախ խոցելի, բայց այնքա՜ն տպաւորիչ:
Երախտապարտութեան ու շնորհաւորանքի խօսք Յակոբ Միքայէլեանին, ձեր գրիչը մնայ հոսուն ու անսպառ:
Յակոբ Միքայէլեան
Կը ներկայացնէ՝ Պերճուհի Աւետեան