Որքան ալ թուայնացումը խորամուխ եղած ըլլայ մեր առօրեային մէջ, դարձեալ գիրքը ի՛ր տեղը ունի, ի՛ր կարեւոր դերը ունի եւ յաճախ կը շարունակէ շատ աւելի հաճոյք պատճառել, քան անհոգի գործիքը, որ կը յաւակնի գիրքին ունեցած սէրը նուաճել: Նոյնիսկ կարելի է հանդիպիլ երիտասարդներու, որոնք կը շարունակեն պտըտիլ գրախանութի մը սրահներուն եւ յարկերուն մէջ, վայելել նոր գիրքի մը ընտրութիւնը եւ յետոյ՝ վայելել անոր ընթերցումը:

Սակայն մեր՝ հայերուս եւ մանաւանդ սփիւռքահայերուս պարագային, գիրքը յաւելեալ դեր մը եւս ունի՝ պահել իր մէջ կորսուած կեանքի մը պատմութիւնները այն ընթերցողին համար, որ պիտի ուզէ բանալ անոնց դարպասը եւ մուտք գործել հոն: Մենք, որ ամէն օր քիչ մը աւելի կը մոռնանք մեր պատմութիւնը, մեզի համար գիրքը արդէն շատ էական կը դառնայ:

Պէտք չէ մոռնալ նաեւ այն պարագան, որ հայ գիրքին ամբողջութիւնը չէ որ թուայնացուած է (օր մը պիտի ըլլայ ատիկա, յոյսով ենք), այնքա՜ն գիրքեր ունինք, որոնք ատենին որպէս պարարտ հող ծառայեր են գալիք հանճարներուն համար եւ որոնք այսօր, իրենց դերը կատարելէ ետք, մոռացութեան գիրկը ինկեր են:

Մոռացութեան գիրկը ինկած են նաեւ Սփիւռքի մէջ գործած մեր կազմակերպութիւններէն շատեր:

Նման կազմակերպութիւն մըն է ՔԱԹՐԱն (QUATRA), իր հրատարակած գիրքերով, որոնցմէ միայն առաջին չորսը ունիմ:

Ձեզի ծանօ՞թ են այս գիրքերը, ոչ թէ հեղինակները եւ գրական գործերը, այլ՝ այս հրատարակութիւննները, որոնց արտաքինը այնքան ակնահաճոյ է, որ մղեց զիս ափերուս մէջ ունենալու զանոնք, բանալ կարդալէ առաջ:

Այսպէս է որ գիրքը նախ արուեստի գործ մը կը դառնայ, ապա՝ գրականութիւն:

Բայց դուք ծանօ՞թ էք այս գիրքերուն: Նաեւ՝ «Քալէիտոսքոփ»-ին1: Ասոնցմէ առաջ սակայն՝ ծանօ՞թ էք ՔԱԹՐԱին, որ շրջան մը Փարիզի մէջ այնքա՜ն գեղեցիկ ձեռնարկներ կը կազմակերպէր, ընդհանրապէս երաժշտական երեկոներ եւ նկարչական ցուցահանդէսներ:

Կազմակերպութիւնը կը կոչուի Քաթրա՝ QUATRA (quatre a= չորս a), յապաւումը Association d’Action Artistique Armenienne ֆրանսերէն բառերուն, որոնք թարգմանուած են որպէս «Հայ Արուեստի Զարգացման Միութիւն»:

Այս միութեան մասին մանրամասն տեղեկութիւններ կու տայ մեզի անոր ետին կեցող պոլսահայ «արհեստավարժ արուեստասէր» Գրիգոր Համբարձումեան, որ «Յառաջ»-ին տրուած հարցազրոյցի2 մը ընթացքին կ’ըսէ.

«Քաթրայի պատմութիւնը կը սկսի 60-ական թուականներու սկիզբը, երբ Բ.(իւզանդ) Թօփալեանի հետ կ’անցնէինք Ավընիւ տ’Ինայէն, շքեղ ապարանքի մը առջեւէն, ուզած էինք տեսնել անոր պատին վրայ ցուցատախտակ մը «Հայ արուեստի զարգացման կեդրոն» արձանագրութեամբ»:

«Քաթրայի առաջին հիմնադիր անդամներուն կարգին՝ Գառզու, Ր. Պետրոսեան, Զատիկ Մուրատեան, Հ. Վէրնէօյ3 նոյն փութկոտութեամբ միացան արուեստի զարգացման միութեան մը: Միութիւնը կազմեցինք 1972-ին, 15 հիմնադիր անդամներով. 2-3 տարուան մէջ անդամներուն թիւը շուրջ 500 եղաւ, ունենալով իրենց շուրջ մօտ 2000 համակիրներ, որոնցմէ 400-ը Միւզէ Կիմէի սրահին մէջ մեր սարքած մշակութային, երաժշտական ձեռնարկներուն կը հետեւէր. իր լաւագոյն շրջանը ապրեցաւ մինչեւ 1978. շարժումը ընդհատուեցաւ կամքէ  անկախ պատճառներով, 65 ձեռնարկ կազմակերպելէ ետք: Այս ձեռնարկներուն մէջ կային նաեւ Մարսէյլ, Թեհրան, Լիզպոն սարքուած երաժշտական երեկոյթներ ալ»:

«Ընդհատումի պատճառներէն մին անշուշտ որոշ հիմնադրամի մը չգոյութիւնն էր ու պատասխանատուները ստիպուած էին օրը օրին աշխատիլ»:

«… Հայ Սփիւռքը պէտք է ունենայ իր մեծ արուեստագէտները, պարտադրէ զանոնք, որպէսզի ան ալ իր կարգին կարենայ իր դեսպանի դերը լաւագոյնս կատարել»:

Իսկ Քաթրայի նպատակին մասին կ’ըսէ.

«Քաթրայի բուն նպատակն էր եւ է, աշխատիլ նախ համագաղութային ուժերով եւ ծրագրեալ ձեւով, չմոռնալով կցել անոնց հայրենիքի ուժերը, ծանօթացման կարելիութիւնը՝ հայ մշակոյթին ու արուեստին լաւագոյն տարրերուն»:

«Քաթրայի աշխատութիւնը կը միտի նախ եւ առաջ գտնելու, զտելու, ճաշակ զարգացնելու, ծանօթացնելու, թէ՛ հայ հասարակութեան եւ թէ օտարներու, ինչ որ ունինք: Էականը»:

Գալով գիրքերուն, որոնց մասին նուազագոյն գաղափարն իսկ չունէինք, Համբարձումեան իր «Նամակ Բարեկամիս» խորագրուած գրութեան մէջ կը պարզաբանէ եւ մանրամասնութիւններ կու տայ:

«Սիրելի Տիգրան՝

«Գողտրիկ նամակդ ստացայ: Շնորհակալութիւն՝ նախ ուշադրութեանդ, յետոյ՝ դիտողութիւններուդ: Հարց կու տայիր թէ ինչո՞ւ ուրիշ անձի յանձնած եմ ընտրութիւնը՝ ու իբրեւ պատասխանատու չեմ անձնապէս ստանձնած Քաթրայի վերջին տետրակին կազմութիւնը իսթամպուլահայ բանաստեղծներուն նուիրուած»:

«Պարզ այն համոզումով որ աւելի առարկայական պիտի կարենար մնալ Պոլսոյ շրջանակներէն բոլորովին դուրս ապրած գիտակից անձնաւորութիւն մը: Ծաղկաքաղ մը կազմելու միամտութիւնն ալ խնդրոյ առարկայ չէր, այլ ընդհանուր պատկեր մը տալու ջանքը: Այդքան»:

Երկրորդ հատուածին ակնարկութիւնը հաւանաբար կ’երթայ Կարիկ Պասմաճեանին, որուն անունը կ’երեւի նաեւ Բիւզանդ Թօփալեանի քերթուածներու հատորին՝ «Դաշտանկար»-ին վրայ, որպէս կազմող:

«Քալէիտոսքոփ» VI արուեստի շատ սեղմ օրագրութիւններ են, որոնք նախ երեւցած են Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթին մէջ, ապա՝ հատորով լոյս տեսած, ֆրանսերէն եւ հայերէն, 1998 թուականին: Հակառակ որ Գ. Համբարձումեանի օրագրութիւնը կը խտացնէ դիտող, վերլուծող եւ արուեստի բարձր ճաշակ ու հասկացողութիւն ունեցող անձի մը էութիւնը, սակայն այդ էջերուն մէջ սակաւ են գրականութեան նուիրուած բաժինները: Ափսոս:

Գրքոյկները, որոնց կ’անդրադառնամ, թուագրուած են.

1-Ստուեր եւ Արձագանգ, Զարեհ Խրախունի, 1973, Փարիզ.

2-Կիրակնօրեայ Հաշուեփակ, Ռոպէր Հատտէճեան, 1973, Փարիզ.

3-Կանանչ Հող, Զահրատ, 1976, Փարիզ.

4-Դաշտանկար, Բիւզանդ Թօփալեան, 1976, Փարիզ.

Նամակին մէջ կ’ըսուի, թէ Իսթամպուլահայ բանաստեղծութեան նուիրուած ծաղկաքաղ մը եւս հրատարակուեր է. բայց Հայաստանի Ազգային Գրադարանի կայքը կը ներկայացնէ նոյն թուականով եւ նոյն հրատարակութեամբ «Իրանահայ Բանաստեղծներ» գիրքը, հրատարակուած 1976-ին, 60 էջ: Կազմողն է Կարիկ Պասմաճեան:

Կը կարծենք, թէ ՀԱԳ-ի էջին է որ շփոթութիւն մը տեղի ունեցեր է, որովհետեւ նախ որ նամակը յստակօրէն կ’ըսէ՝ «Իսթամպուլահայ բանաստեղծութեան նուիրուած», եւ երկրորդ՝ նկատի առնելով Համբարձումեանի պոլսահայ ծագումը, պարզ է որ իր ծննդավայրին պիտի ուզէր յատկացնել առաջին ծաղկաքաղը իր կազմակեպութեան:

Այս նամակը, որ միակն է ամբողջ գիրքին մէջ այդ ժանրէն, հիանալի եւ կուռ օրինակ մըն է սփիւռքահայ ժամանակակից բանաստեղծութեան մասին:

Խօսելով Նիկողայոս Սարաֆեանի մասին կ’ըսէ, միաժամանակ ներկայացնելով սփիւռքահայ բանաստեղծութեան եւ արեւմտահայերէնին գրաւած դժուարութիւնները.

«Ահա՛ գիրք մը, որ կը բերէ անմերժելիօրէն ապացոյցը հայ սփիւռքի գոյութեան (ես պիտի ըսէի՝ սփիւռքահայ բանաստեղծութեան գոյութեան. Մ. Ե.): … Եւ եթէ շարունակենք լուսանցքի վրայ թողուլ ու մոռնալ իսկ այս կարգի (Ն. Սարաֆեան) արժէքները, կրնա՞նք լաւագոյնս յառաջացնել արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւնը»:

Հարցազրոյցը կ’անդրադառնայ Սփիւռքի էական հարցերէն մէկուն՝ քննադատութեան, կամ անոր չգոյութեան.

«Մակարդակի զիջողութիւնը, ժողովրդական կարենալ ըլլալու ձգտումով, գէթ այս մարզին մէջ (արուեստի եւ գրականութեան Մ. Ե.), որեւէ դրական արդիւնք չի տար: Քննադատը պէտք է իր գիտցած, ուզած ձեւով քննադատէ յայտագիրը, եւ մենք պէտք է վարժութիւնը ունենանք լաւագոյնս ըմբռնելու անոր դիտողութիւնները: Հայը բան մը աւելի պէտք է դժուարահաճ ըլլայ իրենին հանդէպ, եթէ կը սիրէ զայն»: (էջ 159)

«Մեր Սփիւռքը պէտք է գիտնայ ապրիլ ոչ թէ դուրսի ճնշումները ամլացնելով, որ համահաւասար է ձուլումի, այլ իր մէջ, իր ստեղծագործ երեւակայութեամբ գտնել ջանալով հակոտնեայ հաւասարակշռող ուժերը»: (էջ 160)

Այս եւ նման խօսքեր գրուեր են շատ կանուխ. այսինքն յիսուն տարի առաջ ունէինք մտաւորականներ, որոնք ո՛չ միայն կը մտածէին Սփիւռքի մասին, որպէս սփիւռքահայ, այլ եւ լուծումներ կ’առաջարկէին: Ու եթէ այսօր մեզմէ շատեր կը զգան, թէ նոյն տեղը կը շարունակենք դոփել, պէ՛տք է ընդունինք, որ Համբարձումեանին եւ իր նմաններուն յաջորդ սերունդն էր (այսինքն՝ մենք), որ չկրցաւ անոնց ծրագիրը իրագործել: Ասիկա յուսախաբութիւն կը պատճառէ ինծի, ինքզինքէս եւ իմ սերունդէս:

«Յառաջ» հարց կու տայ.

«Քաթրայի ընել ուզածը կրնա՞նք ըսել, թէ որոշ չափով մը օժանդակել է մեր ինքնապաշտպանութեան գործին, Սփիւռքին դիմագիծ մը տալու ջանքերուն, ու ասիկա մշակոյթի, արուեստի ճամբով»:

Որուն պատասխանը կու գայ շատ տրամաբանական եւ շատ գործնական միջոցներու թելադրանքով.

«Հաւատացէ՛ք, չափի հարց չէ, մերձեցումի հարց է: Որովհետեւ չափը ինքնին կարելի է բազմապատկել գաղութային, համագաղութային, համաշխարհային եռոտանիի մը պատշաճեցնելով աշխատանքը, բայց ոչ՝ մերձեցումը հարցին. այսինքն ծրագրեալ աշխատանքը, սկեպտիկ կեցուածքը, խօսքէն գործի անցնելու ժամանակաշրջանը, փորձուած աշխատութեան մը թերիները սրբագրելու իրատեսութիւնը»:

Քաթրա, շրջան մը դադրելէ ետք, կը վերսկսի իր աշխատանքներուն, որոնց մէջ տեղ տրուած է նաեւ «Քաթրայի տետրակներուն», որոնք խորքին մէջ գիրքեր են, հայերէն կամ երկլեզու հրատարակուած: «Անշուշտ չի բաւեր տպել, պէտք է նաեւ տարածել» կը խոստովանի Համբարձումեան:

Սքանչելի է Պլըտեանին հակիրճ բնութագիրը, որով կ’աւարտի «Նամակ Բարեկամիս»-ը, որուն կը թելադրէ գտնել, կարդալ եւ գրել այս «խիստ հետաքրքրական գործերուն մասին» (էջ 164, երկրորդը ըլլալով Խրախունիի «Ուղիներ» հատորը):

«Մինչ միւսը (Գր. Պլըտեան Մ. Ե.)՝ չարչարուած հոգի, քերելով մորթը արիւնելու աստիճան զայն, հազուագիւտ յանդգնութեամբ մը պերճախօս, մտավախութիւնը ունենար կարծես ենթակայ ըլլալու նուազագոյն չափով իսկ ընթերցողին, ջանք չի խնայեր ներքին ընկրկումները անմեկնելի դարձնելու: Ճշդումի առարկայ ստիպողութեան մթնոլորտ մը կը ստեղծէ, փոխանակ զայն մտերիմ դարձնելու»:

«Յստակ ճանաչումը իր արիւնած սրտին կը խրտչեցնէ զինքը, բայց գորովագութ, առանց սակայն ինքնամատոյց արարողութեան կ’առաջնորդէ քեզ իր խցիկը: Քօղարկուած է ամէն ինչ: Մութ է խցիկը»:

Այս տողերը գրուած են 1987-էն ալ առաջ, երբ տակաւին Պլըտեան նոր կ’երեւար սփիւռքահայ գրականութեան հրապարակին վրայ: Անկէ տասնամեակներ ետք շատեր պիտի գրէին իր մասին, բայց այդ շրջանին այսքան ճշգրիտ բնութագրում մը, այսքան սեղմ տողերու մէջ, կը վկայէ նաեւ Համբարձումեանի խորունկ հասկացողութիւնը որքան երաժշտութեան եւ նկարչութեան, նոյնքան եւ գրականութեան մարզին մէջ:

Իրաւամբ արհեստավարժ արուեստասէր մը՝ Գրիգոր Համբարձումեան, որ կը շարունակէ ապրիլ իր Քաթրայով եւ «Քալէիտոսքոփ»-ով, որ կ’արժեւորուի նաեւ հոն պարփակուած գեղանկարներու բազմաթիւ վերարտադրութիւններով, որոնք այս հատորը կը վերածեն արուեստի իրի մը, միշտ ձեռք առնելու, ընթերցումի կողքին նաեւ գեղանկարները ըմբոշխնելու համար:

1-Հատոր IV, 1998, hեղինակ՝ Գրիգոր Համբարձումեան (1924-2009)։ Ա. հատորը լոյս տեսեր է 1970-ին։

2-«Յառաջ» 6 Սեպտեմբեր 1987։

3-Գառզու՝ Գառնիկ Զուլումեան, միջազգային ճանաչում նուաճած ֆրանսահայ գեղանկարիչ։ Րաֆֆի Պետրոսեան՝ ֆրանսահայ դաշնակահար։ Զատիկ Մուրատեան ծագումով ռումանահայ, ֆրանսահայ նշանաւոր աստղաբնագէտ, Հանրի Վերնէոյ՝ Աշոտ Մալաքեան, ֆրանսահայ նշանաւոր ֆիլմարտադրիչ։

Մարուշ Երամեան