Հանրապետութեան նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա երէկ ժողովուրդին ուղղած իր պատգամին մէջ հաստատեց, որ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը՝ Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցները չեղարկելու մասին, խիզախ որոշում է, որ պիտի օգնէ տարիներու ընթացքին տուժած մեր ժողովուրդին, պիտի նպաստէ անոր վերածնունդին և ամրագրէ տարածաշրջանի կայունութեան հիմքերը։ Ան մատնանշեց, որ ճամբան տակաւին երկար է, քանի որ այսօր սկսած է լուրջ աշխատանք, որուն միջոցով մեկնարկը պիտի կատարուի ժամանակակից Սուրիոյ վերածնունդին՝ յանուն յառաջդիմութեան եւ բարգաւաճման։
Նախագահը յիշեց իր հանդիպումները Սէուտական Արաբիոյ, Պահրէյնի, Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի, Թուրքիոյ, Եգիպտոսի եւ Ֆրանսայի նախագահներուն հետ, աւելցնելով որ բոլորն ալ կը ձգտին տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ կը բաժնեն վերականգնումի մեր միտքերն ու ծրագիրները, որոնք իրենց դրական անդրադարձը պիտի ունենան բոլորին վրայ։
Նախագահը եզրափակելով ըսաւ. «Մենք կ՚ողջունենք բոլոր ներդրողները երկրի ներսէն և դուրսէն, ինչպէս նաև մեր արաբ և թուրք եղբայրներէն, ողջ աշխարհի ընկերներէն եւ կը հրաւիրենք զիրենք օգտուելու տարբեր ոլորտներու մէջ առկայ կարելիութիւններէն: Սուրիան կը խոստանայ ըլլալ խաղաղութեան ու գործակցութեան երկիր և հավատարիմ մնալ իրեն մեկնած իւրաքանչիւր ձեռքին: Սուրիան այլեւս պիտի չդառնայ իշխանութեան համար պայքարի ասպարէզ, ոչ ալ արտաքին յաւակնութիւններու հարթակ։ Մենք թոյլ չենք տար, որ Սուրիան մասնատուի, ոչ ալ տեղիք կու տանք, որ նախկին վարչակարգի պատմութիւնները վերածնին` մեր ժողովուրդը մասնատելու համար: Սուրիան կը պատկանի բոլոր սուրիացիներուն՝ իրենց կրօնական եւ ցեղային տարբեր գոյներով, և բոլոր անոնց, որոնք կ՚ապրին այս օրհնուած հողին վրայ: Համակեցութիւնը մեր ժառանգութիւնը եղած է ողջ պատմութեան ընթացքին, իսկ այն պառակտումները, որոնք մեզ բաժնեցին, մշտապէս արտաքին միջամտութիւններու արդիւնք էին։ Այսօր բոլորս կը մերժենք զանոնք: Փորձութիւնները մեզի սորվեցուցին, որ մեր ուժը մեր միասնութեան մէջ է, և որ բարգաւաճման ճանապարհը կարելի է հարթել միայն համերաշխութեան և քրտնաջան աշխատանքի շնորհիւ։ Մենք երբեք չենք մոռնար մեր նահատակներն ու վիրաւորները, ոչ ալ կ՚անտեսենք իրաւունքները անոնց, որոնք կորսնցուցին իրենց սիրելիները։ Մօտ ապագային անոնք ներկայ պիտի ըլլան մեր յառաջդիմութիւնը կերտող իւրաքանչիւր քայլի: Կեցցէ՛ ազատ ու հպարտ Սուրիան։ Կեցցէ՛ անոր մեծ ժողովուրդը»։