Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա հանդիպում մը ունեցաւ կարգ մը նախարարներու եւ պատկան խորհուրդներու տնօրէններու հետ՝ խորհրդակցելու համար ներդրումային օրէնքի բարոփոխման եւ բանաձեւման նախագիծին շուրջ, ինչ որ կրնայ նպաստել աշխատանքային միջավայրի ամրապնդման եւ յառաջիկայ փուլին Սուրիոյ տնտեսութեան բարելաւման ենթահողի ապահովման: