Չորեքշաբթի, 14 Մայիսին, Ռիատի մէջ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաաի եւ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին լոյսին տակ, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ ըսաւ. «Պատմական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաաի, Սէուտական Արապիոյ գահակալ իշխան Մուհամմետ պըն Սալման պըն Ապտըլ Ազիզ աալ Սէուտի եւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ, ներկայութեամբ Սէուտական Արաբիոյ, Սուրիոյ եւ ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարներուն: Հանդիպումին հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ միացաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանը: Քննարկուեցան պատժամիջոցներու չեղարկումէն վերջ Սուրիոյ ոարեկարգման քայլերը։ Պըն Սալման շեշտեց այս հանդիպումին կարեւորութիւնը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար։ Նախագահ Թրամփ հաստատեց այս ճակատագրական փուլին իր երկրին զօրակցութիւնը Սուրիոյ: Իր կարգին նախագահ Շարաա երախտագիտութիւն յայտնեց միջազգային եւ տարածաշրջանային երկիրներու աջակցութեան համար, շեշտելով, որ այս յառաջխաղացքին լոյսին տակ,Սուրիա հաստատուն քայլերով պիտի կերտէ իր ապագան:

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ սուրիական-ամերիկեան գործակցութեան եւ արտաքին հրահրիչ ազդակներու կամ ոչ-սուրիական զինեալ խմբաւորումներու, ներառեալ ՏԱՀԷՇ-ի ոչնչացման շուրջ, որովհետեւ անոնք խոչընդոտ կը հանդիսանան Սուրիոյ խաղաղութեան:
Այս հանդիպումին պիտի յաջորդէ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շէյպանիի եւ իր ամերիկացի պաշտօնակից Մարքո Ռոպիոյի հանդիպումը»: