Գահիրէ, ՍԱՆԱ- Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա հաստատեց, որ սուրիացի ժողովուրդը, ինչպէս միշտ, կը մնայ իր պաղեստինցի եղբայրներու կողքին ամէն քայլափոխի, զոր կը ձեռնարկեն դէպի ազատագրում և արդարութիւն՝ ընդգծելով, որ կարելի չէ ընդունիլ Պաղեստինի ժողովուրդին տեղահանումը իր հողէն, որովհետեւ ատիկա կը սպառնայ ոչ միայն պաղեստինցի ժողովուրդին, այլեւ ողջ արաբ ազգին:

Նախագահը Գահիրէի մէջ գումարուած արաբական արտահերթ գագաթնաժողովի ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մատնանշեց, որ Սուրիա եղած է եւ կը մնայ արաբական այս մեծ տան անբաժանելի մասը, իսկ անոր վերադարձը Արաբական Լիկա տեղի կ՚ունենայ շատ կարեւոր ժամանակաշրջանի մէջ, նկատի ունենալով, որ արաբական աշխարհը կը տառապի քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական բազմաթիւ մարտահրաւէրներէ, և այդ մարտահրաւէրները կարելի է յաղթահարել միայն միատեղ գործակցութեան եւ յարաբերութիւններու ամրապնդման միջոցով: