Հալէպ նահանգին մէջ գտնուող ՇԷյխ ՆաՃար արդիւնաբերական քաղաքը կը հանդիսանայ քաղաքի աշխատանքային հիմնական խարիսխներէն մէկը՝ աջակցելու սուրիական արդիւնաբերական հատուածի տարբեր ոլորտներուն։ Փաստօրէն աշխատանքի եւ արտադրութեան անիւը ներկայիս կը դառնայ անոր ընդգրկած 960 գործարաններուն մէջ, մինչդեռ պատրաստման փուլի մէջ գտնուող գործարաններու թիւը կը հասնի 100-ի:

Շէյխ Նաճար քաղաքի գլխաւոր տնօրէն, երկրչփ․ Շահուտ Ապտուլ Ազիզ SANA-ին տուած յայտարարութեան մէջ պարզաբանեց, որ տնտեսութեան եւ արտաքին առեւտուրի նախարարութիւնը, գործակցելով արդիւնաբերական քաղաքներու եւ շրջաններու վարչակազմերուն հետ, կը ձգտի արդիւնաբերական քաղաքներու ներդրումները խրախուսելու միջոցներ տրամադրել անոնց, որպէսզի աշխատանք տարուի ներդրումային համակարգի նախագիծը պատրաստելու եւ արդիւնաբերութեան կարիքներն ու հետագայ զարգացումը երաշխաւորելու: