Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ աշ-Շարաա ժամանեց Գահիրէ` մասնակցելու Պաղեստինի դատին վերջին զարգացումներուն շուրջ Արաբական Լիկայի արտակարգ նիստին։
Նախօրօք նախագահ Շարաա Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ աս-Սիսիէն պաշտօնական հրաւէր մը ստացաւ` մասնակցելու Կազզայի իրավիճակին շուրջ Արաբական Լիկայի արտակարգ նիստին։