Սուրիոյ ընկերային ապահովագրութեան ընդհանուր հաստատութեան տնօրէն Հասան ալ-Խաթիպ յայտնեց, որ Մարտ ամսուան տրամադրուած կենսաթոշակներուն ընդհանուր գումարը հասած է 135 միլիառ ս.ո.-ի, բաժնուած՝ աւելի քան 900. 000 կենսաթոշակի: Ան դիտել տուաւ, որ յառաջիկայ օրերուն Հասիչէի եւ Գամիշլիի մէջ եւս պիտի վճարուին նախորդ երեք ամիսներու կենսաթոշակները, որոնց ընդհ. գումարը պիտի հասնի 23 միլիառ ս.ո.-ի: