Մեկնելով օրէնքի վրայ հիմնուած պետութիւն մը կազմելու Սուրիոյ ժողովուրդին կամքէն, հիմնուելով սուրիական ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովի արդիւնքներուն վրայ եւ վերջապէս անցումային շրջանին օրինական պատկեր մը կազմելու նպատակով, Սուրիոյ Հանրպետութեան նախագահը հետեւեալ որոշումները հրապարակեց.
Յօդուած Ա.։ Կազմել յանձնախումբ մը հետեւեալ մասնագէտներէն բաղկացած.
-Դոկտ. Ապտուլ Համիտ Աաուաք
-Դոկտ. Եասէր ալ-Հուէյշ
-Դոկտ. Իսմայիլ Խալֆան
-Դոկտ. Ռայաան Քհէլան
-Դոկտ. Մուհամմէտ Ռիտա Ճըլխի
-Դոկտ. Ահմէտ Քըրպի
-Դոկտ. Պահիա Մարտինի։

Յօդուած Բ.
Յանձնախումբին կը յանձնարարուի Սուրիոյ Հանրապետութեան անցումային շրջանի սահմանադրութեան սեւագրութեան բանաձեւումը։

Յօդուած Գ.
Յանձնախումբը առաջարկները կը ներկայացնէ Հանրապետութեան նախագահին։

Ահմետ աշ-Շարաա
Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահ
2 Մարտ 2025