Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շայպանի X-ի իր անձնական հաշիւին վրայ յայտնեց, որ Պաղեստինի շուրջ Արաբական Լիկայի արտակարգ նիստէն ետք, Եգիպտոսէն մեկնած է Լահէյ՝ Սուրիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով մասնակցելու քիմիական զէնքերու կանխարգիլման կազմակերպութեան գործադիր խորհուրդի ժողովին։
Ան շեշտեց, որ սոյն ժողովը կը մարմնաւորէ Սուրիոյ հաւատարմութիւնը համաշխարհային ապահովութեան եւ քիմիական զէնքերու կանխարգիլման նկատմամբ։