Ո՞ւր կանգնած եմ, մէջտե՞ղը, ձա՞խը, թէ՞ աջ… ծննդավայրս է Պոլիսը. մէջտեղը չէ, կեդրոնը չէ, սակայն ես տեղս կը գրաւեմ այն մէջտեղը, ուր սիրտս կը բաբախէ: Պոլիսը կեդրոնն է բոլոր այն նահանգներուն, քաղաքներուն, ուր ապրած են նախնական, պատմական ցեղեր, ժողովուրդներ, կայսրութիւններ եւ մշակոյթ մը ձեւաւորուած է, ոչ միայն մէկ հատ, այլ՝ բազում: Ո՞վ իր տեղը չի գրաւեր իր ծննդավայրին մէջ, սակայն հայուն ճակատագիրը այն է, որ ծաւալը պարպէ, հեռանայ այն վայրէն այլ տեղ մը կեանք գտնելու համար:
Մայրս խոհանոց մտած է: Տանտիկին հայ կինը հրաշալիքներ կը ստեղծէ խոհանոցին մէջ, ուր փրկարար միջավայր մըն է, յագեցնելու համար իր հարազատներուն ճաշակը: Հայ ըլլայ եւ խոհանոցը չսիրէ՞, անկարելի է: Հայը այն ժողովուրդն է, որ երբ ճաշէ, ընթրիքի սեղանին վրայ կը խօսի այլ ճաշերու եւ ճաշակներու մասին, նոր խոհագիրներ կը պատրաստէ: Իւրաքանչիւր խօսք համեմունք մըն է եւ քիմքին հաճոյք կու տայ:
Կանգնած եմ մէջտեղը եւ կը նայիմ դէպի արեւելք, կը զգամ այն քիմքի ճաշակը, որ կարեւորութիւն կ’ընծայէ մսեղէն ճաշերու եւ սեղանին վրայ կը շարէ քեպապի տեսակները: Այս ուտելիքները ձեւ գտած եւ ճոխացած են արեւելեան ժողովուրդներու ճաշակով եւ խոհանոցի ստեղծագործական համերով: Համեմունքներու բղուկները քովէ քով շարուած են եւ իւրաքանչիւրը կը թողու իր յատկանշական համը քիմքին վրայ: Առանց սով ու սումախի լախմաճո՞ւն… իչլի քէօֆթէ՞… անկարելի է երեւակայել: Կարինէն Երզնկա, Կարսէն Բաղէշ, Վանայ ծովէն Իկտիր ճաղ քեպապ, թանապուր, քէթէ, փրփրեմ, ձէթով խնձորի տոլմա…
_ Այս գիշեր ի՞նչ ճաշ պիտի հրամցնես:
_ Առաջին անգամ փորձեցի, իչլի քէօֆթէ:
Առաջին անգամ… Պոլսեցի ենք… Պոլսոյ մէջ տեսակ-տեսակ ճաշակներու տողանցքին հանդիպիլ կարելի է. այս քաղաքին մէջ հաւաքուած են երկրին չորս կողմէն մարդիկ, որոնք դուրս եկած են շա՜տ հեռուներէն: Դէմքս դարձած է դէպի արեւմուտք, եւրոպական եւ Եգէական ճաշակի յարմար ուտելիքներով համեմուած քաղաքներ շարուած են ծոցերուն եզերքը, ծովեզերքներու մօտ: Ցորենի, արեւածաղիկի, եգիպտացորենի գործածութիւնը ընդհանրացած է սեղաններուն վրայ: Հապա սա լեարդի տեսակները… անոնց պատրաստութեան ձեւերը: Արեւմուտքի մէջ է դարձեալ անասնական արտադրութիւններուն գործածութիւնը, որ միշտ հաճելի ախորժակի մը դուռը կը բանայ մարդուն քիմքին վրայ: Անասուններու տոտիկներէն պատրաստուած խաշը համտեսել արեւուն ծագման ազդեցութիւնը կը թողու ճամբորդին վրայ: Յոգնած-դադրած ճամբորդութենէ մը ետք առտու-կանուխ խաշով բանալ օրը կը նշանակէ վերագտնել իր ուժը շարունակելու համար ճամբան:
Հիմա նայուածքներս կը սեւեռեմ դէպի հարաւ: Ձէթին եւ ձէթով պատրաստուած ճաշակին տէր քաղաքներ շարուած են լեռներէն անդին ծովեզերքի մօտ: Ծառ-ծառաստան էր ամէն կողմ եւ շուրջը լեցուն էր ձիթենիներով, որոնցմէ ձէթ կը կաթէր, ձիւթ կը կաթէր: Ճաշատեսակները, ծովային արտադրութիւնները եւ բուսական տեսակները իրենց այժմէականութիւնը պահպանած են մինչեւ օրերս: Անոնք, որոնք եկած են տեղացիին վրայ կա՛մ ջնջած են տեղացին հոնկէ, կապկած են ճաշատեսակները եւ ապրեցուցած են սովորութիւնները իբրեւ թէ իրենցը ըլլային: Աւա՜ղ… կեղծ մտայնութիւն, սակայն քիմքի հարազատութիւն… Միջերկրական քաղաքներուն թթուն, անուշը անպակաս է սեղաններուն վրայ: Բանջարեղէնի տեսակները բազում են, եւ ձկնեղէնն ալ տարբեր մշակոյթ մը կը ստեղծէ:
Կանգնած կը նայիմ դէպի վեր՝ դէպի հիւսիս: Սեւ ծովեան ուտելիքներուն մայրն է եգիպտացորենի ալիւրով պատրաստուած հացը: Կաղնիի ձէթին օգտագործումը առողջութիւն է, այն կանաչապատ վայրերուն մէջ, ուր բարձր սարերուն վրայ կան ամարանոցներ եւ կը հնչէ պարկապզուկը, որպէսզի մարդիկ հորոն խաղան թեւ թեւի անցած եւ ճզմեն կանաչ խոտերը իրենց շէն կեցուածքով: Կապուտաչեայ, դեղնորակ երեխաներ սոխն ու հացը թխեն իրենց ստամոքսէն վար՝ թէյի պարտէզներուն մէջ: Սեւ կաղամբի տոլման ու ջրոտ ճաշը, որ մարսելի ու համով է, ժպտեցնէ մարդոց ստամոքսը: Ամռան բանջարեղէնը թարմօրէն սպառի եւ ձմռան համար շարուի չուաններու վրայ չորնալու պատրաստ: Կանաչ լուբիան տապկուի հաւկիթով եւ եղինջի ապուրը ջուրի նման իջնէ որկորէն վար:
Ուրեմն… կանգնած եմ մէջտեղը… ես Շարայի նման անօթի մըն եմ. կը փնտռեմ Շիրակի ամբարները, ուր ամառ-ձմեռ վեցական ամիս պիտի վայելեմ քիմքիս հաճոյքը: Ես Պոլիսի մէջ կը սնանիմ, կը սիրեմ մօրս պատրաստած տոլման՝ որ ձէթով, բրինձով, սոխով կամ միսով կը շինուի, կը սիրեմ քէօֆթէն, պէօրէկը… Համը հոտը կը զգամ նման-աննման համերու մէջ եւ ո՛ւր որ երթամ հետս կը տանիմ ճաշակը, որ կը բխի կեդրոնէն:
Լեռնա Գարագիւթիւք