Սիրո՛ւն աղջիկ, ինչո՞ւ նստած ես այդպէս մտահոգ։ Նոր տարուան սեմին, այս անգամ նուէրս քեզի կը յանձնեմ նամակով մը, զոր գրած եմ քեզի համար։ Նոր տարուան առիթով քեզի պիտի նուիրեմ զգեստ մը, որուն նմանը դեռ չկայ աշխարհի վրայ։
Անոր օձիքը հիւսուած պիտի ըլլայ սիրոյ թելերով անհամար, որ կեանքիդ ընթացքին միայն լաւ առիթներով ու քեզ սիրող անձերու հետ ողջագուրուիս։
Անոր կուրծքը այնպէս հիւսուած պիտի ըլլայ, որ ոչ մէկ նեղութիւն սիրտդ յուզէ, որ կեանքի նեղութիւններն ու դժուարութիւնները դէպի զգացումներդ ճամբայ չգտնեն։
Անոր թեւերը հիւսուած պիտի ըլլան աշխատասիրութեամբ ու գուրգուրանքով, որպէսզի ձեռքերդ եփեն ու թափեն, հիւսեն ու հագցնեն, գրեն ու սիրով գրկեն։ Թեւերու վերջաւորութեան, դաստակին բաժինը լայն պիտի ըլլայ եւ գոյնզգոյն հլուններով զարդարուած։ Այդ հլուններուն մէջ մուգ գոյնով հլուններ պիտի չըլլան, հոն միայն վառ եւ ուրախ գոյներ պիտի ըլլան ու այդ գոյներով պիտի զարդարուին կեանքիդ բոլոր օրերը։
Անոր փէշերը մետաքսեայ թելերով հիւսուած պիտի ըլլան, որպէսզի կեանքիդ ընթացքին դիւրութեամբ շրջանցես դժուարութիւնները։ Այնպէս հիւսուած պիտի ըլլան անոր թելերը, որ ամէն քայլափոխիդ երբ շորորաս, քայլերուդ հետ ուրախութիւն ու դրական կենսուժ սփռես ամէնուրեք։
Հապա զգեստին գրպաննե՞րը… անոնք հիւսուած պիտի ըլլան ոսկի թելերով, որ միշտ հարստութիւնը անպակաս ըլլայ տունէդ, հոն միայն առատութիւն ըլլայ, որ երբեք մարդոց նիւթական օժանդակութեան կարիքը չունենաս։ Ընդհակառակը՝ միշտ նուիրելու մէջ գտնես ուրախութեան զգացումը։
Այս մաղթանքներն ու գեղեցիկ զգեստը քեզի կը նուիրեմ, սիրո՛ւն աղջիկ։
Անդին, Կաղանդ Պապան նկատեց երիտասարդ մը, որ նստած էր աղջըկան մօտ։ Ան ալ մտահոգ էր ու շուարած։ Կաղանդ Պապան անոր ըսաւ. «Տղա՛ս, ցաւդ տանեմ, ինչո՞ւ այդքան մտահոգ ես ու շուարած։ Նուէր տուած զգեստիս ու անոր տիրոջ տէր դարձիր, երկուքդ ալ կ’ապրիք երջանիկ»։
Մտահոգ աղջիկը հազիւ այս նամակը ընթերցեց, ուրախութիւնը սիրտը պարուրեց։ Յոյսով լեցուած հոգին ուրախութեամբ թռվռաց։ Մտահոգութիւնը թօթափեց։ Նոր տարուան շեմէն աջ ոտքով անցաւ։ Անոր մօտ նստած տղան շուտով խելքի եկաւ ու անոր հասաւ։
Սեւան Ա. Մանճիկեան