Ձմեռը տարուան ամէնէն հեքիաթային եղանակն է: Անոր զուգորդուած են տօնական օրերը, յատկապէս՝ Նոր տարին, որ մեր գալիք տարուան պաստառին վրայ կ’ուրուագծէ յոյսի երամներ եւ կը բանայ յուսադրիչ տենչանքներու իրագործման կարելիութիւններ: Հակառակ առերեւոյթ ձմռան տժգոյն, մռայլ, լալկան եւ ողորմելի երեսին՝ ան իւրայատուկ ազդեցութեամբ կը պարտադրէ, որ զինք ընդունինք՝ իբրեւ համակրելի, գողտրիկ ընկերակից, իր զարթուցիչ ու մեզ զգօն պահող մրրիկներով եւ ամպրոպներու սթափեցուցիչ ապտակներով:
Ձմեռը միջինարեւելեան ծայրամասին մէջ բաւական ցրտաշունչ է եւ երկա՜ր: Ձմռան տհաճ անակնկալներէն դաւադիր մառախուղը, հեծկլտացող անձրեւը, կարկուտի հատիկներու տարափը, վաղ ժամերու ամչցող եղեամը, կաթուածահարող ամպրոպը, որոնք տզրուկի նման կը ծծեն ձմռան վեհաշուք իրանը՝ ջանալով անոր հեքիաթային յուշիկ խորհրդաւորութիւնը մթագնել  եւ մեզ գլորել հոգեբարոյական ընկճուածութեան կիրճերու անելանի սարդոստայնին մէջ: Ալեքսանտր Պուշկինի նկարագրութեամբ, բուք ու բորանի պատկերները նման տողերու մէջ տեսնենք.
Հողմը մէգով երկինքն առնում,
Գալարում է բուքը ձեան,
Մին՝ մանկան պէս լաց է լինում,
Մին՝ ոռնում է զերթ գազան.
Մին՝ վայրենի սուլում պէս-պէս,
Աղմկում է տանիքում,
Մին՝ ուշացած ճամբորդ, ասես,
Լուսամուտն է նա թակում:
Այսպէս, մերթ ճեմելով ծննդավայրիս շաւիղներուն մէջ, մերթ նաւարկելով մանկութեանս խաղաղ ափունքներուն վրայ, յիշատակներս կը կարկաչեն բոցավառ երազներու կշռոյթով՝ ընկերակից ունենալով տենչացող փոքրիկի մը մեծ ստուերը: Մինչեւ օրս վաղեմի ծննդավայրիս յիշատակներու ճամպրուկները նրբօրէն դիզած եմ հոգեմտաւոր շտեմարանիս մէջ: Առիթներով անոնք ըմբոստացած՝ գլուխ կը ցցեն ամէն անգամ, երբ աշխարհի այս կողմերը կ’աւետենք ձմռան եղանակի ժամանումը: Առաջին հայեացքով ձմռան յիշատակութիւնը զիս կը մղէ մանկական քաղցր յուշերու տաքուկ գիրկը՝ ի տես ձիւնի առաջին ադամանդեայ փաթիլներուն, որոնք երկիւղածութեամբ կը դիզուին օտա՜ր ամայի՛ ճամբէքի վրայ՝ խթանելով վաղեմի ծննդավայրիս նկատմամբ կոտտացող կարօտախտի հեծեծանքը:
Ինչպէս գիտենք, ցուրտը եւ ձիւնը Հայաստան աշխարհի մէջ նաե՛ւ մեր նախնիներուն մղձաւանջ դարձած էին, եւ անոնց յարմարելու համար անոնք յատուկ կենցաղային վարժութիւններ ձեռք ձգած էին՝ մթերքի պահածոներով, անասունները ապահով գոմերու մէջ թաքցնելով եւ ձիւնածածկ ճանապարհներով հաղորդակցելու յատուկ միջոցներ ստեղծելով:
Նոյնի՛սկ, տարիներու յիշատակութեան թուականի փոխարէն, ամրագրուած է անոնց մէջ անկիւնադարձային տարիներուն եղանակային յատուկ դրոշմով որակելու զայն, օրինակ՝ «ՂԱՐ ՍԱՆԱՍԸ»,  Ձիւնի տարին ըսելով:
Հալէպեան մանկական գողտրիկ յուշերու քարէ տախտակիս վրայ ուրուագծուած կը տեսնեմ թաղերուն մէջ մերկացած մսկոտ ծառերը, որոնք իրենց ամօթը ծածկելու դիտաւորութեամբ, պչրանքով կը քաշեն ձիւնի առաջին հեզաճկուն փաթիլներով հիւսուած ճերմկած սաւանը՝ իրենց գլուխները տաքցնելու եւ ամօթահար իրանները սքօղելու համար:
Անդին՝ աչքառու կերպով ուրուագծուած կը տեսնեմ բնակարաններու ծխնելոյզներէն բարձրացած քուլա՜յ քուլա՜յ թաւ ծուխը, որ մազութին ոչ լիացած այրուածքին պատճառով իրեն հետ կ’արձակէ սեւցած թանձր մոխիրներու բեկորներ:
Այդ աղտեղութիւնը, որ պատճառ կ’ըլլայ անհաճոյ ապականութեան, կը դառնար տանտիկիններու գլխաւոր մղձաւանջը, որուն համար անոնք իրենց բազուկները լարած՝ աւելի ու խոզանակի հարուածներով կը ճգնէին մաքրել բակերը եւ պատշգամներու քարերը անոր անհաճոյ հետքերէն: Ամէնէն ահաւորը ձիւնի սպիտակութեամբ փռուած, բուրումնաւէտ լուացքի տեսքի եղծանումն էր՝ գորշ մոխիրի բեկորներու մատնահետքերու առկայութեամբ, որ հայ տանտիկիններուն համար համազօր էր աղջնակի մը կուսութեան տնքումի ահաւորութեան:
Հալէպեան վաղեմի օրերու ձմռան գիշերները ընտանեկան գողտրիկ մթնոլորտով համակուած կ’ըլլային, ուր երեկոյեան կանուխ ժամերուն ընտանիքի բոլոր անդամները տունը կ’ըլլային: Փոքրերը՝ իրենց դասերով ու դպրոցական պարտականութիւններով զբաղած, տանտիկիներն ալ յաջորդ օրուան ճաշի պատրաստութեան օրակարգով կը տնքային: Տան հայրը, երբ գործէն կը ժամանէր, արդէն ընթրիքի պատրաստութիւնները ընթացքի մէջ կ’ըլլային: Իսկ Էրիկմարդերէն ոմանք սովորութիւն դարձուցած էին գաւաթ մը օղիով փակելու յոգնատանջ, հեւքոտ առօրեայի վերջին կանգառը: Աւելի ուշ, համախմբուելով  սեւ ու ճերմակ պատկերասփիւռի պաստառին առջեւ, պիտի հետեւէին «Ղաուար Թոշէ»-ի ֆիլմաշարերուն: Մինչ կլոր վառարանին վրայ ֆշշացող «չինքո» թէյամանին՝ կասիայով համեմուած գոլորշիի գալարումները կը սրէին ներկաներուն ախորժակները՝ համով-հոտով ըմբոշխնելու «չինքո»-ին տակ շիկացած պանիրով հացը:
Նոր տարուան շեմին վառարանի մակերեսին հիւրաբար կը բազմէին նաե՛ւ լիցքաւոր շագանակները, որոնց ճաթռտոցներէն արձակուած բուրումնաւէտ այրուածքի հոտի քաշողականութիւնը հազիւ դիմադրելի կ’ըլլար երեխաներէն, որոնք բոլորուած վառարանին շուրջը, խանձուած շագանակները արագ մը իրենց ափերուն մէջ առնելով, վեր-վար շպրտելով, ապա  հապճեպով կը լափէին անոր կարմրած լիցքը:
Տան վառարանները կը ծառայէին բազմաբնոյթ գործածութիւններու, օրինակ՝ հաց տաքցնելու, լուացք չորցնելու եւ կամ խոհանոցի կարիքներուն տաք ջուր մատակարարելու: Յատուկէն ուղեղիս մէջ մեխուած է տեսքը Հայկազեան մանչերու վարժարանի թիթեղաշէն կլոր վառարաններուն, որոնք ձգուած էին տնտես մայրիկներու խնամատարութեան:
Վառարանը իր համեստ չափով հազիւ կը կարողանար տաքցնել առջեւի նստարաններուն չորսդին: Ահաւոր կ’ըլլար, երբ դուրսի քամիին ճնշումին բերումով, ծխնելոյզէն փախչող ծուխը դասարանին մէջ կը հաւաքուէր: Իսկ բուխերիկէն դուրս ցցուած բաժինի ծայրամասին վրայ յատուկ մետաղէ թելով՝ կտուրի մը կրթնելով, կախուած կ’ըլլար դոյլ մը, որպէսզի հաւաքէր ծխնելոյզի ծայրէն ծորած կեղտոտ կարմրագոյն ջուրը: Այլ անախորժ վիճակ մըն էր, երբ վառելանիւթը պատճառով մը կը հոսէր վառարանէն դուրս՝ լճակ մը կազմելով գետնին վրայ: Անոր  վնասազերծումը կը կատարուէր փայտի տաշեղներու  մանր փշրանքներով, զորս իբրեւ ծծուն կը սփռէինք այդ զազրելի հեղուկին վրայ:
(շար. 1)
Ժան Հալլաճեան