Թէեւ բառացի թարգմանութիւնը պէտք էր ըլլար՝ աշխարհի սէրը:
Թէ ինչո՞ւ մենք կ’ենթարկուինք չարին եւ կը բնականացնենք զայն:
Հաննա Արենտթ, որպէս բռնակալութեան արմատ, կը նշէ այլ մարդիկ չնչին, աւելորդ դարձնելու մարմաջը:
Իսկ Սուրբ Օգոստինոս համոզուած է, որ այս կացութեան հակադեղը սէրն է՝  amor mundi – աշխարհի սէրը:
«Չարիքին երբեք չարձագանգել այնքան, որ մեծցնէ զայն», կ’ըսէ ֆրանսացի փիլիսոփայ Սոմին Ուէյլ:
Բայց ի՞նչ է այն հակազդեցութիւնը, որ չարիքը կը մեծցնէ, հարց պիտի տաք:
Պէտք է ընդունիլ, որ ժամանակակից աշխարհի մէջ չարը փոխած է իր հանդերձը, ա՛լ հեքիաթին չար կախարդը չէ, անմիջապէս ճանաչելի, այլ ծպտուած լաւի, բարիի արտաքինով, շատ դժուար կ’ըլլայ ճանչնալ զայն, եւ շրջան մը ետք ա՛լ անօգուտ կը թուի անոր դիմակայելը:
Հակառակ անոր, որ  Տոսթոյեվսքին կը հաւատար թէ «չար մարդիկ չկան, թէեւ անոնք երբեմն չարութիւնը կը հագնին լաւ չկարուած զգեստի պէս», համոզուած էր սակայն, թէ ոչ թէ չար մարդիկ կան, այլ՝ անբախտ, կեանքէն անիծուած մարդիկ միայն:
Գլխաւոր մղիչը չարութեան, կը պարզուի, ուժի հասնելու մարմաջն է, իսկ այսօր, մեր ժամանակակից կեանքին մէջ, ուժը նաեւ նիւթական կը նշանակէ՝ դրամ, որուն համար շատեր պատրաստ են իրենց սկզբունքներուն դէմ երթալու, քծնելու, շողոմելու, կեղծելու, թմրամոլութիւն տարածելու, ծայրայեղները՝ նաեւ մինչեւ մարդասպանութիւն հասնելու:
Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ, որ աշխարհի «չար»-երուն կողքին՝ բռնատէր մարդիկ, զաւթող պետութիւններ եւ այլն, կան նաեւ աշխարհի «լոյս»-ը հանդիսացող արուեստագէտներն ու գրագէտները, որոնց աշխատանքը հաւասարակշռումի կը բերէ երկու հակոտնեայ ուժեր, անգամ մը եւս հաստատելով եին եւ եանի (yin and yang), հակադիր ուժերու տիեզերական կարգը:
Սակայն դիտելով մեր շուրջ եռացող այսօրուան աշխարհը – իրապէ՛ս եռացող՝ այն վայրերը ուր պատերազմներ չկան, կան բնութեան բարկութիւնն ու գործած աւերը – չենք կրնար հարց չտալ մենք մեզի՝ ա՞յս է կեանքը իրապէս, զիրար ատելու, զիրար ճզմելու, զիրար յօշոտելու այս մարմա՞ջն է:
Հարցումը կու գայ նաեւ այս բոլորին դիմաց մեր անկարող ըլլալու գիտակցութենէն:
Յաճախ մտորումի առարկայ դարձած է արուեստներուն եւ գրականութեան աղբիւրը,  արուեստագէտներուն կամ գրագէտներուն ներշնչումի աղբիւրը: Երբ գիտակից ես վրադ գրոհող ալիքին հզօրութեան եւ քու անկարողութեանդ, կը մտածես միտքով դիմակայել, կը փորձես ինքզինքիդ բացատրել կացութիւնը, կը փորձես ձեւով մը հակակշռել, գոնէ էութեանդ մէջ, քեզ շրջապատող արհաւիրքը:
Այս ճիգին մէջ է, որ արուեստագէտ-գրագէտը կը զգայ արուեստին եւ գիրին հզօրութիւնը, անոնց կարողութիւնը բան մը փոխելու, նուազագոյնը՝ հոգիները խաղաղեցնելու:
Աշխարհը մի՞շտ այսպէս եղեր է եւ մենք է որ չենք իմացած, պարզ այն պատճառով որ այսօրուան հաղորդակցութեան միջոցները չկային:
Եթէ դիտենք համաշխարհային պատմութիւնը, պիտի տեսնենք որ նման դէպքեր շատ կան, որոնցմէ ամէնէն նշանաւորը հաւանաբար «Հարիւր Տարուան Պատերազմ»-ը եղած է:
Hundred Years War կամ ֆրանսերէնով Guerre de Cent Ans; (1337-1453) Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի թագաւորութիւններուն միջեւ ընթացող պատերազմն էր, 116 տարի տեւած:
Պատերազմներու ընթացքին յայտնուող Մարդկայնութեան բացակայութեան հարց կը դրուի, թէ ի՛նչն է որ կը մղէ մարդը անմարդկային արարքներ գործադրելու իր նման մարդուն դէմ:
Տակաւին 1985-ին անգլիացի հեղինակուհի, նոպէլեան դափնեկիր Տորիս Լէսսինկ կը գրէր.
«Հիմա այնպիսի ժամանակներ են, երբ վախազդու է ապրիլը, երբ դժուար է մտածել մարդոց մասին որպէս տրամաբանող էակներ: Ուր դառնանք բրտութիւն է, ապուշութիւն, կարծես այլ բան չկայ տեսնելու մեր շուրջ, բացի դէպի բարբարոսութիւն վայրէջքէ մը, զոր անկարող ենք հակակշռել: Կը կարծեմ սակայն, որ թէեւ ճիշդ է ընդհանուր վատթարացումը, պատճառը դէպքերուն այնքան վախազդու ըլլալն է, որ կարծես կը հիփնոսանանք, չենք նշմարեր, ու եթէ նշամարենք իսկ, կը նսեմացնենք հակառակ կողմը գտնուող ուժերը՝ տրամաբանութիւնը, ողջմտութիւնն ու քաղաքակրթութիւնը»:
Յիսուն տարի առաջ ըսուած այս խօսքը տակաւին հարիւր առ հարիւր ճիշդ է այսօր. բայց ի՞նչ է յիսուն տարին դարերուն դիմաց …
Լէսսինկ կ’աւելցնէ.
«Իրապաշտ ըլլալու համար մեր մարդկային բնութիւնը քննարկելու, պէտք է ընդունինք այն երկու ուժերուն, որոնք կը գործեն մեր մէջ՝ կործանարար եւ ստեղծարար ուժերուն գոյակցութիւնը»:
Հետաքրքրական է նաեւ նշել – շատեր անշուշտ անդրադարձեր են այս իրողութեան – թէ կործանարար ըլլալը շատ աւելի դիւրին է, հեշտ է, եւ արագ գոհացում կը պատճառէ: Մինչ ստեղծարար ըլլալը շատ աւելի ճիգ կը պահանջէ, փոխարէնը տալով աւելի խորունկ գոհացում եւ երկարատեւ ուրախութիւն:
Ժողովուրդները եւս նոյն դասակարգումին կ’ենթարկուին՝ կան կործանող ժողովուրդներ, եւ կան ստեղծագործ ժողովուրդներ: Այս դասակարգումները երբե՛ք չեն շփոթուիր. ո՛չ կործանարարը կրնայ ստեղծագործ ըլլալ, ոչ ալ հակառակը: Առաջինները, տեսնելով իրենց ձեռք ձգած արդիւնքները, կը համոզուին թէ ճի՛շդ է իրենց բռնած ուղին եւ չեն շեղիր անկէ: Երկրորդները սակայն, տեսնելով իրենց ապարդիւն ճիգերը, ինչո՞ւ չեն կրնար անցնիլ «միւս» կողմը, իրենք եւս իրենց համար դրական արդիւնքներ ունենալու – թէեւ ժխտական միջոցներով: Չեն կրնար պարզ այն պատճառով, որ արուեստն ու գրականութիւնը, ըլլալով խիստ դրական գործարք-երեւոյթներ, թոյլ չեն տար «միւս կողմ» անցնիլ:
Նժարը դէպի դրականը շարժելու այլ միջոց կա՞յ:
Մարուշ Երամեան