ՍԱՆԱ կը հաղորդէ, որ 21 Դեկտեմբերին Սուրիոյ ժամանակաւոր կառավարութեան կազմին մէջ արտաքին գործոց նախարար նշանակուած է Ասատ Հասան ալ-Շիպանին:

«Գլխաւոր հրամանատարութիւնը յայտարարեց Սուրիոյ նոր կառավարութեան արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարի պաշտօնին Ասատ Հասան ալ-Շիպանիի նշանակման մասին», կը հաստատէ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը։