Սուրիոյ ժամանակաւոր կառավարութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Նազիր Քատիրի յայտարարեց, որ ներկայիս ուսումնական ծրագրերուն մէջ արմատական փոփոխութիւններ պիտի չկատարուին, որովհետեւ արդէն ուսումնական տարուան կէս շրջանը ամբողջացած է։
Նախարարութեան Դիմատետրի էջին ճամբով նախարարը յայտնեց. «Այս պահուն ամէն ինչ նոյն ձեւով պիտի ընթանայ։ Պիտի սահմանափակուինք միայն կարգ մը հատուածներու եւ արտայայտութիւններու ջնջումով, որոնք պիտի հաստատուին մասնագիտական յանձնախումբերու կողմէ եւ պիտի տրամադրուին բոլոր դպրոցներուն»:
Նախարարը աւելցուց. «Մեր հարցը զանազան մարզերու մէջ բազմաթիւ մասնագէտներու կողմէ յառաջացած եւ համաշխարհային ճանաչում վայելող սուրիական ուսումնական ծրագիրին հետ առնչուած չէ: Հիմնական հարցը փաստերու աղաւաղումով նախորդ վարչակարգի գաղափարներու եւ սկզբունքներու ներառուած ըլլալն է մեր աւանդական ծրագրերուն մէջ։ Այս շրջագիծէն ներս, հետագային որակի եւ քանակի առնչուող անհրաժեշտ փոփոխութիւններու որոշում պիտի գոյանայ»:
Ապա աւելցնելով ըսաւ. «Մեր նպատակը սուրիացի ժողովուրդին աջակցութիւն յայտնել եւ բոլոր ոլորտներէն ներս անոր ձգտումներուն իրականացման նպաստելն է, մանաւանդ կրթական մարզին մէջ։ Այս պատճառով պիտի կեդրոնանանք ուսուցիչներու եւ դասախօսներու բարոյական ու նիւթական պայմաններու բարելաւման վրայ։ Այն կդթական մշակներուն, որոնք հակառակ զանազան ճնշումներու, իրենց մասնագիտական պարտականութիւնը եւ մարդասիրական առաքելութիւնը շարունակած են: 350.000 ուսուցիչ շարունակած է իրեն վստահուած պարտականութիւնը բոլոր նահանգներուն մէջ։ Այս ուսուցիչները Սուրիոյ պայծառ ապագային հիմքը կը կազմեն»։
Նախարարը նաեւ յայտնած է, որ Նախարարութիւնը շարք մը կազմակերպութիւններու համագործակցութեամբ կ’աշխատի աշխատանքային ծրագիր մը մշակել, որ պիտի վերականգնէ եւ վերակառուցէ աւերուած դպրոցները։
18.040 դպրոցներէն 9.500-ը մասամբ կամ ամբողջութեամբ ոչնչացած են։ Գործող դպրոցներուն համար առաջնահերթութիւններ պիտի սահմանուին՝ դասարաններու խտութիւնը նուազեցնելու եւ ապահովելու աշակերտներուն վերադարձը իրենց բնակավայրերուն մօտ գտնուող դպրոցներ:
Նախարարը վստահեցուցած է, որ բոլոր նահանգներուն մէջ պիտի շարունակուին կրթական եւ մարդասիրական աջակցութիւնը 4.700.000 մեր աշակերտներուն համար՝ ապահովելու անհրաժեշտ միջոցներ դպրոցէն դուրս մնացած երեխաներու վերադարձին, ինչպէս նաեւ յաղթահարելով տեղահանութեան, աղքատութեան եւ անցեալի վարչակարգին ստեղծած դժուարութիւններու ծանր բեռը՝ ուսումնական գործընթացի առողջ զարգացման ի խնդիր: