Սուրիոյ վարչակազմի հրամանատար Ահմետ Շարհ Կիրակի, 22 Դեկտեմբերին Դամասկոսի մէջ ընդունեց Ուալիտ Ժոմպլաթի գլխաւորութեամբ լիբանանեան Ընկերվար Յառաջդիմական կուսակցութեան պատուիրակութիւնը։
Հանդիպումի ընթացքին Շարհ անդրադառնալով Սուրիոյ դէպքերուն ըսաւ.
«Միջազգային ընտանիքը 14 տարի չյաջողեցաւ լուծել սուրիական հարցը, ուստի մենք այլ ուղի որդեգրեցինք` քաջ գիտակցելով, որ ժողովուրդները իրենց իրաւունքը միայն իրենց ձեռքով կ՛առնեն»:
Ապա ակնարկելով Սուրիա-Լիբանան յարաբերութիւններուն աւելցուց. «Սուրիան մուտք գործեց պետութեան կառուցման եւ վրիժառութենէն հեռանալու փուլ։ Մենք կը յարգենք Լիբանանի գերիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը»:
«Նոր ժամանակաշրջանին Սուրիա Լիբանանի մէջ բոլորէն մէկ հեռաւորութեան վրայ կը կանգնի, ուստի Լիբանանի մէջ ժխտական միջամտութեան պարագայ պիտի չըլլայ բնաւ»:
Եզրափակելով Շարհ ըսաւ, որ Սուրիա Լիբանանի մէջ մէկ կողմի պիտի չաջակցի ի վնաս ուրիշ կողմի` վերահաստատելով իր յանձնառութիւնը յարգելու շրջանին մէջ համայնքային ու մշակութային բազմազանութիւնը` ընդգծելով, որ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւնը «կը պաշտպանէ բոլոր համայնքներու եւ ազգերու իրաւունքները»:
Հանդիպումի աւարտին Ժոմպլաթ յայտնեց. «Հանդիպումը շատ լաւ էր։ Երկու ժողովուրդներուն միջեւ նոր էջ բացինք: Ես ոչ թէ միայն Սուէյտա այցելեցի, այլ՝ ամբողջական Սուրիա»: