Երկուշաբթի, 16 Դեկտեմբեր 2024_ի առաւօտեան Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանը վերստին բացաւ դռները եւ դիմաւորեց իր սիրելի աշակերտները վարժարանի շրջափակէն ներս, ներկայութեամբ՝ հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին։

Տնօրէնուհի Նայիրի Քէօշկէրեան_ Բանոյեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց, որուն ընդմէջէն անդրադարձաւ թէ բոլորս տագնապալի օրեր եւ ժամեր անցընելէ ետք, Աստուծոյ նախախնամութեամբ դարձեալ վերադարձանք մեր սիրելի վարժարանը՝ շարունակելու մեր ուսումնական ընթացքը, ինչպէս նաեւ պատուիրեց աշակերտները, որ լաւապէս պատրաստեն իրենց դասերը, որպէսզի հետագային դառնան պատուաբեր հայորդիներ, ապա մաղթեց բոլորին ապահով, անփորձանք, խաղաղ եւ երջանիկ օրեր։

Այնուհետեւ աշակերտները համախմբուեցան տօնածառերուն շուրջ, որոնց գագաթներուն վրայ փայլուն աստղերը զետեղուելէ ետք, միասնաբար “Տէրունական Աղօթք”_ը եւ “Զգործս Ձեռաց Մերոց”_ը աղօթեցին, ապա իրենց ուսուցչուհիներուն առաջնորդութեամբ ու վառ տրամադրութեամբ բարձրացան իրենց դասարանները։

Սեւան Տէյիրմէնճեան