Այսօր՝ Երկուշաբթի, 16 Դեկտեմբեր 2024-ին, Հալէպի հայկական վարժարանները կանոնաւոր դասաւանդութեամբ սկսան իրենց ընթացքը։
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէնուհի Զեփիւռ Րէիսեան «Գանձասար»-ին յայտնեց, որ աշակերտները ներկայ են, բացականեր գրեթէ չկան, իսկ ուսուցչական եւ վարչական կազմերը անցած են իրենց աշխատանքին։ Դասաւանդութիւնը սկսած է կանոնաւոր ձեւով։