Երեքշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2024-ին, Դամասկոսի Ազգ.Միացեալ ճեմարանը լայն բացաւ իր դռները։ Հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը գրկաբաց ընդունեցին սիրելի աշակերտները բոլոր բաժիններով՝ մանկապարտէզի, նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի։

Տնօրէնուհի Ծովակ Պաղպուտարեան խրախուսեց աշակերտները՝ եռանդով շարունակելու իրենց ուսումնական ընթացքը յաջող, ապահով ու արդիւնաւէտ տարեշրջան մը բոլորելու եւ զինուած գիտութեամբ նպաստ բերելու առողջ ընկերութեան կերտումին։

Այնուհետեւ , դասաւանդութիւնը մտաւ կանոնաւոր հունին մէջ։