Պետական սահմանի մասին 5-րդ օրէնքին համաձայն պետական սահմանի տեղորոշումը եւ փոփոխութիւնը կը կատարուի ՀՀ միջազգային պայմանագրերով եւ ՀՀ օրէնքով: Այս մասին 21 Հոկտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նիստին Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման կանոնակարգի վաւերացման հարցի մասին Մհեր Գրիգորեանի զեկուցման ընթացքին ըսաւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան:
«Ըստ յայտարարութիւններուն, արդէն տեղորոշուած է 12 քմ. միջպետական սահման, ի՞նչ իրաւունքով է ատիկա կատարուած է, ո՞ր միջազգային պայմանագրերով եւ Հայաստանի ո՞ր օրէնքով: Երկրորդ հարցս հետեւեալն է՝ սահմանազատման յանձնաժողովը ի՞նչ իրաւունքով իրականացուցած է սահմանադրութեամբ իրեն չվերապահուած հանրային, իշխանական լիազօրութիւններ, օրինակ պետական սահմանի մաս կազմող արձանագրութիւնը, որ պէտք է ընդունի ձեր յանձնաժողովը: Երրորդ հարցս այն է, թէ ինչո՛ւ պարտադիր է ԱԺ-ի կողմէն վաւերացումը, անիկա ըստ կանոնակարգի պարտադիր չէ», ըսաւ Ռուստամեան:
Մհեր Գրիգորեան պատասխանելով ըսաւ, որ իրաւական հիմքերու պարագային պէտք է նկատի առնել պետութեան հիմնարկներու արժեւորումները։