Պաքուի դատարանը մերժած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախկին պետական նախարար, աշխարհահռչակ գործարար, բարերար Ռուբէն Վարդանեանի կալանաւորման դէմ բողոքը։

«Քննարկուած է Ռուբէն Վարդանեանի կալանքի ժամկէտը երկարաձգելու որոշման դէմ բողոքը։ Ռ.Վարդանեան գործին մասնակցած է իր փաստաբանին հետ։

Անոնք խնդրած են չեղարկել կալանքի որոշումը։ Դատարանը՝ Գատիմ Պապայեւի նախագահութեամբ, ուսումնասիրած է Ռ.Վարդանեանի դէմ յարուցուած քրէական գործին նիւթերը, ուսումնասիրած է դէպքի հանգամանքները եւ հրապարակած է վերջնական որոշումը։ Որոշումին հիման վրայ բողոքը մերժուած է որպէս անհիմն», յայտնած է աղբիւրը։

Ռուբէն Վարդանեան ԼՂՀ միւս ղեկավարներուն հետ Ատրպէյճանի գերութեան մէջ յայտնուած է անցեալ տարուան Սեպտեմբերին՝ Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի Հանրապետութեան (Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն) բռնագրաւման ընթացքին։