Երեքշաբթի օր, Ազգային ժողովը քննարկեց հայ-ատրպէյճանական սահմանազատման յանձնախումբերու կանոնակարգի նախագիծը վաւերացնելու հարցը:

Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը նախանցեալ օր դրական եզրակացութիւն տուած էր նախագիծին:

Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները պոյքոթի ենթարկեցին կանոնակարգի քննարկումը:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարեց, որ կանոնակարգը ամբողջութեամբ հակասահմանադրական է, հակաօրինական է եւ չ՛առնչուիր ազգային ու պետական շահերու պաշտպանութեան հետ:

«Երէկ տեղի ունեցաւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նիստ, որ քննարկեց այս կանոնակարգը, եւ մեր համոզումները, որ ասիկա չի բխիր մեր ազգային ու պետական շահերէն եւ հակաօրինական գործընթաց է, ամրապնդուեցան: Որովհետեւ ոչ մէկ հարցումի պատասխան լիարժէքօրէն տրուեցաւ, այդ հարցումները կը մնան օդին մէջ կախուած», յայտարարեց Ռուստամեան` շեշտելով, որ Ազգային ժողովը ձեռնամուխ պիտի ըլլայ կանոնակարգի վաւերացման այն պայմաններուն մէջ, երբ Ատրպէյճանի մէջ նման համընթաց գործընթաց տեղի չ՚ունենար:

Ռուստամեան յայտարարեց, որ «Հայաստան» խմբակցութիւնը այս հակաօրինական գործընթացին պիտի չմասնակցի` ո՛չ քուէարկութեան, ո՛չ ալ քննարկման:

Նախանցեալ օր խորհրդարանի յանձնախումբի ժողովին ընթացքին փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան ըսած էր, որ մտավախութիւն չունի, թէ Պաքուն զայն պիտի չվաւերացնէ:

Եթէ ամէն պարագայի նման բան տեղի ունենայ, ապա, փոխվարչապետի հաւաստումով, վաւերացնելէ ետք կողմերը ունին վերջին փուլ, որ կանոնակարգը ուժի մէջ պիտի մտնէ, երբ ծանուցումներու բնօրինակներով Երեւանն ու Պաքուն փոխանակուին: