Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի մասնակցութեամբ Իսթանպուլի մէջ ընթացք առած է «3+3» տարածաշրջանային խորհրդակցական հարթակի երրորդ հանդիպումը:

«Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Անի Պատալեանը։ Հանդիպումին կը մասնակցին նաեւ Ռուսիոյ, Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները։