Միջազգային հանրապետական ուսումնարանը հրապարակած է «Փրեւիս» վերլուծական կազմակերպութեան աջակցութեամբ 13-25 Սեպտեմբերին իր կատարած հարցախոյզին արդիւնքները: Հարցախոյզին մասնակցած է Հայաստանի 1500 բնակիչ, ներառեալ Արցախէն բռնի տեղահանուածներ:
Հարցախոյզին մասնակիցները պատասխանած են «Դուք կո՞ղմ էք, թէ դէմ էք Թուրքիոյ հետ սահմանի բացման» հարցումին:
Հարցումին պատասխանողներուն 56%-ը դէմ է հայ-թրքական սահմանի բացման, որմէ 46%-ը որպէս պատճառ կը յայտնէ, թէ թուրքերու եւ ատրպէյճանցիներու ազատ ելքով ու մուտքով անապահով իրավիճակ կը ստեղծուի: