Սուրիոյ Խորհրդարանի օրէնսդրական չորրորդ նստաշրջանը իր առաջին շրջանի վեցերորդ նիստը գումարեց նախագահութեամբ Համուտա Սապպաղի:
Նիստը յատկացուեցաւ 2024-ի «232»-րդ թուակիր հրամանագիրին համաձայն կառավարութեան հաղորդագրութեան քննարկման, համաձայն սահմանադրութեան 76-րդ յօդուածին եւ Սուրիոյ Խորհրդարանի ներքին կանոնագրի 194-րդ յօդուածին:

Նիստին ներկայ գտնուեցան վարչապետ դոկտ. Մուհամմէտ Ղազի ալ-Ճալալի եւ նախարարներ:

Խորհրդարանը վերահաստատեց պաշտօնէութեան աշխատավարձերու բարելաւման եւ այլ հարցերու լուծման կարեւորութիւնը, ինչպէս՝ սղաճը, փոխադրութեան հարցերը, երիտասարդութեան գաղթը եւ այլն:

Խորհրդարանը անդրադարձաւ նաեւ վիրաւորներու եւ նահատակներու պարագաներուն առաւել հոգատարութիւն ցուցաբերելու կարեւորութեան:

Խորհրդարանի անդամներէն ոմանք շեշտեցին ընդհանուր եւ մասնաւոր հատուածներուն գործակցութեան խթանման կարեւորութիւնը՝ բարելաւելու տնտեսական իրավիճակը, ինչ որ կը նպաստէ քաղաքացիներու կայուն եւ ապահով ապրուստին: Անոնք պահանջեցին նաեւ հարկային համակարգի բարելաւումը, ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսական ոլորտին յատակցուած վառելանիւթի արդար բաշխումը։

Եւ վերջապէս շեշտը դրուեցաւ ենթակառոյցներու վերականգնումին, ինչպէս նաեւ նորոգուող կենսուժի ծրագիրներուն վրայ։

նիստը գումարուեցաւ Երեքշաբթի, 22 Հոկտեմբեր 2024-ի յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին: