Զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ին յայտնեց, որ Երկուշաբթի յետմիջօրէի ժամը 17։05-ին թշնամի Իսրայէլ օդային յարձակում մը գործեց Դամասկոսի Մեզզէ շրջանին վրայ, քաղաքացիական ինքնաշարժ մը թիրախ դարձնելով։

Յարձակումին հետեւանքով երկու քաղաքացի նահատակուեցաւ, երեք ուրիշներ վիրաւորուեցան եւ տարածքին մէջ սեփական կալուածներու նիւթական վնասներ արձանագրուեցան։