Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հրապարակած էր հրամանագրեր, որոնց համաձայն Տէր Զօրի, Տարաաի, Լաթաքիոյ, Համայի եւ Քունէյթրայի նոր նահանգապետներ նշանակուած էին։
Նորանշանակ նահանգապետները Շաբաթ օր երդման արարողութիւն կատարեցին նախագահ Ասատին դիմաց։ Այնուհետեւ նախագահը իր թելադրանքները փոխանցելով յաջողութիւն մաղթեց անոնց իրենց ստանձնած նոր պաշտօնին մէջ։
Նորանշանակ նահանգապետներն են`
Մունհէլ Նատէր Հաննաուի, Տէր Զօր,
Երկրչփ. Ասաատ Եազիտ Թոքան, Տարաա,
Դոկտ. Խալէտ Ուալիտ Ապազայա, Լաթաքիա,
Երկրչփ. Քամալ Ապտուլռահման Պարմօ, Համա,
Դոկտ. Թոնի Ազիզ Հաննա, Քունէյթրա։