Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ընդունեց Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման աս-Սաֆատին եւ անոր հետ քննարկեց երկու երկիրներու յարաբերութեան զարգացման հեռանկարներն ու սուրիացի գաղթականներու վերադարձի թղթածրարը։
Նախագահը, Կիրակի, 20 Հոկտեմբերին նախարար աս-Սաֆատիին հետ հանդիպման ընթացքին զրուցեց նաեւ տարածաշրջանի ներկայ վտանգաւոր իրավիճակին շուրջ։
Նախարար աս-Սաֆատի Յորդանանի թագաւորէն նախագահ Ասատին փոխանցեց բերանացի նամակ մը, որ կը վերաբերէր տարածաշրջանի երկու երկիրներուն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին։
Նախագահ Ասատ շեշտեց, որ սուրիացի գաղթականներու ապահով վերադարձի պահանջներուն անսալը Սուրիոյ առաջնահերթ օրակարգերէն է, աւելցնելով որ Սուրիան նկատելի փուլ մը կտրած է արդէն վերադարձի կարելիութիւններու ստեղծման առումով, յատկապէս օրինական եւ օրէնսդրական միջավայրի ստեղծման ուղղութեամբ։
Նախարար աս-Սաֆատի իր կարգին շեշտեց, որ Յորդանան ամէն ջանք կը թափէ սուրիացի գաղթականներու թղթածրարին առնչութեամբ, աւելցնելով որ իր երկիրը կը սատարէ Սուրիոյ կայունացման եւ ապաքինման՝ ինչ որ կը բխի ողջ տարածաշրջանի շահերէն։
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Պասսամ Սապպաղ եւս նախարար աս-Սաֆատիի հետ քննարկեց երկու երկիրներու գործակցութեան զարգացման հեռանկարը։