Սուրիոյ կառավարական, բժշկական եւ մարդասիրական խումբերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին Լիբանանէն ժամանող լիբանանցիները եւ սուրիացիները ընդունելու սահմանային Ճտէյտէթ Եապուս միջանցքէն:
ՍԱՆԱ-ի աշխատակազմը Ճտէյտէթ Եապուսի միջանցք այցելելով հանդիպեցաւ Լիբանանէն ժամանող տեղահանուածներուն հետ, որոնք իրենց խորին շնորհակալութիւնը յայտնեցին սուրիական կառավարութեան տրամադրած դիւրութիւններուն եւ մարդասիրական բազմաբնոյթ օժանդակութիւններուն համար:
Միջանցքէն տեղահանուածները ընդունող բժշկական խումբի պատասխանատու տոքթ. Քուսայ Ռըմման ՍԱՆԱ-ին յայտնեց, թէ խումբը, որ կը բաղկանայ մասնագէտ բժիշկներէ եւ հոգեբաններէ, ուղղուած է Ճտէյտէթ Եապուսի միջանցք, որպէսզի բժշկական ծառայութիւն մատուցէ տեղահանուածներուն:
Ռըմման ըսաւ, որ բժշկական խումբը ամէն օր ներկայ է այնտեղ եւ կը շարունակէ ծառայութիւն մատուցել տեղահանուածներուն՝ աջակցութիւն ստանալով Համաշխարհային Պարէնային Ծրագիրէն եւ ԻՒՆԻՍԷՖ Կազմակերպութենէն: Ան աւելցնելով յայտնեց. «Օրական շուրջ 100 կնոջ եւ 250 երեխայի օգնութիւն կը տրամադրենք, որոնց կողքին շուրջ 150 բժշկական խնմաքի կարիք ունեցողներու պարագաներ կ’ունենանք: Տրամադրուած բոլոր օժանդակութիւնները՝ ախտաճանաչումէն մինչեւ դեղերու ապահովումն ու բուժումը, անվճար են»: