Սուրիոյ Հանրապետութեան փոխնախագահ դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ հանդիպում ունեցաւ Դամասկոսի մէջ Ալճերիոյ Հանրապետութեան դեսպան Քամալ Պուշամայի հետ: Կողմերը լուսարձակի տակ առին Իսրայէլի իրագործած ցեղասպանութեան լոյսին տակ տարածաշրջանի լարուածութիւնը, ինչպէս նաեւ Կազզայի եւ Սուրիոյ վրայ Իսրայէլի իրագործած իրերայաջորդ յարձակումները, շեշտելով Իսրայէլի յարձակողական ոճին վերջ դնելու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան երկու երկիրներուն գործակցութեան շուրջ։ Մըքտատ անդրադարձաւ Սուրիա-Ալճերիա պատմական յարաբերութեան, շեշտելով տարբեր ոլորտներու մէջ անոր զարգացման հրամայականը: Մըքտատ յայտնեց, որ Սուրիա բարձր կը գնահատէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդէն ներս Ալճերիոյ դերակատարութիւնը՝ արաբական դատերու պաշտպանութեան մէջ:
Մըքտատ երկրորդ հանդիպում մը ունեցաւ Դամասկոսի մէջ Իրաքի դեսպանատան գործավար Եասին Շարիֆ ալ-Հուճէմիի հետ, որուն ընթացքին բարձր գնահատեց երկու երկիրներու դարարմատ յարաբերութիւնը, շեշտելով զայն ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Իր կարգին Հուճէմի յայտնեց, որ Իրաքի կառավարութիւնը բարձր կը գնահատէ Սուրիոյ ընդունելութիւնը Լիբանանէն տեղահանուածներուն, հաստատելով, որ Սուրիա-Իրաք գործակցութիւնը նոր մակարդակի բարձրանալու բոլոր տուեալները ունի: