Նիւ Եորքի մէջ Լիբանանի մնայուն պատուիրակութիւնը բողոքագիր մը յղեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին՝ լիբանանեան հողերուն վրայ իսրայէլեան իրերայաջորդ յարձակումներուն լոյսին տակ, կոչ ուղղելով անոր՝ պարտադրելու Իսրայէլը գործադրելու Ապահովութեան Խորհուրդի 1701 թուակիր որոշումը:
Լիբանանեան Ազգային Լրատուական Գործակալութիւնը յիշեց, որ Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը բողոքագիրին մէջ յայտնեց, թէ Լիբանան խստիւ կը դատապարտէ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի գերիշխանութեան խախտումը, քաղաքացիները, առողջապահական կեդրոնները թիրախ դարձնելը եւ այլ անմարդկային արարքները:
Ապա աւելցուց. «Իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով հարիւրաւոր նահատակներ եւ վիրաւորներ արձանագրուեցան: Իսրայէլ թիրախ դարձուց նաեւ Մասնաա սահմանային միջանցքը, ջրամուղ կայաններ, Պաալպաք բերդի շրջակայքը, որ դասուած է ԻՒՆԵՍՔՈ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան ցուցակին մէջ, ինչպէս նաեւ Նապաթիէի պատմական շուկան:
Բողոքին մէջ յիշուեցաւ նաեւ, որ Լիբանան խստիւ կը դատապարտէ Իսրայէլի ցեղասպանութեան վրայ հիմնուած քաղաքականութիւնը եւ անմարդկային ոճիրները գիւղերու եւ աւաններու բնակիչներուն ուղղուած, աւելցնելով, որ Իսրայէլ բռնի ուժով եւ ռազմական թշնամական միջոցներով կը փորձէ իր քաղաքականութիւնը պարտադրել տարածաշրջանին մէջ, խախտելով երկիրներու գերիշխանութիւնն ու ժողովուրդներու ապահովութիւնը: